


Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեան
Պատմականօրէն քիւրտերուն պատկանող տարածքը բաժնուած է Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ, ըստ 1639ի «Զոհապ-Քասր Շիրին»ի դաշնագիրին։ Սեւրի դաշնագիրով, 1920ին քիւրտերուն համար սահմանուեցաւ ինքնավար շրջան մը՝ Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան կողմը, սակայն 1923ին Լօզանի դաշնագիրը «Սեւր»ը չեղեալ համարեց, այնուհետեւ քիւրտերուն տարածքը բաժնուեցաւ չորս մասի՝ Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ: Անոնք մնացին առանց պետութեան։ Իսկ ներկայիս անոնց թիւը շուրջ քառասուն միլիոն է, որուն գրեթէ կէսը կը գտնուի Թուրքիա:
1890ին, սուլթան Ապտուլ Համիտ ստեղծեց Համիտեան հեծելազօրքը, որ մեծամասնութեամբ քիւրտերէ կազմուած էր. անոնք յաճախ հալածեցին եւ կոտորեցին Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան մասին վրայ ապրող հայերը, ի մասնաւորի Համիտեան ջարդերուն ժամանակ՝ 1895ին։ Ապտուլ Համիտի տապալումէն ետք, Համիտեան հեծելազօրքը անցաւ «Իթթիհատ վէ Թերաքքի»՝ Երիտթուրքերու կուսակցութեան հրամանատարութեան տակ, որ պահպանեցին զայն, հայերու դէմ իրենց նպատակները իրականացնելու համար։ Հետագային, անոնք իրագործեցին 1915ի հայկական ջարդերը։
Պատերազմէն ետք, քիւրտերը աջակցեցան Աթաթիւրքին․ մինչեւ նոր հանրապետութիւն հռչակելը, Աթաթիւրք կը խօսէր քիւրտերու եւ թուրքերու շահերու նոյնութեան մասին, իսկ երբ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ, ան այլեւս քիւրտերու աջակցութեան կարիքը չունէր, հետեւաբար քիւրտերուն հանդէպ իր քաղաքականութիւնը փոխեց։ Աթաթիւրքի նոր սահմանադրութիւնը հիմնուեցաւ միայն թրքական ինքնութեան վրայ, իսկ քիւրտերը հոն կոչուեցան «լեռնային թուրքեր»։ Ան արգիլեց քիւրտերուն իրենց ազգային լեզուն գործածել՝ մշակութային բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ արգիլեց քրտերէն թերթերու հրատարակութիւնը, քաղաքական կուսակցութիւններ կազմելը եւ այլն․ ուստի այդ բոլորը պատճառ դարձան քիւրտերու ապստամբութեան՝ պետութեան դէմ։
Շէյխ Սայիտ Պիրանիի ապստամբութիւնը, 1925ին, իր տեսակով առաջինն էր Թուրքիոյ քիւրտերու ազգային պատմութեան մէջ. անոր շուրջ հաւաքուած էր աւելի քան կէս միլիոն մարդ, սակայն ապստամբութիւնը չյաջողեցաւ։ Շէյխ Սայիտ եւ շատեր մահապատիժի ենթարկուեցան, հարիւրաւոր քրտական գիւղեր կրակի տրուեցան, իսկ քիւրտերու ունեցուածքը թալանուեցաւ թուրք զինուորներու կողմէ։

Շէյխ Սայիտի ապստամբութեան տապալումէն ետք, Արարատ լերան շրջանին մէջ, 1927-1930ին ծայր առաւ «Աղրիի՝ Արարատի ապստամբութիւն»ը՝ զօրավար Իհսան Նուրի փաշայի գլխաւորութեամբ, որ Օսմանեան բանակի քիւրտ սպաներէն մէկն էր․ ան զանգուածային ապստամբութիւն մը յայտարարեց թրքական պետութեան դէմ․այդ ընթացքին մէջ մեծ դեր ունեցան պետրխանները՝ «Խոյբունի» (անկախութիւն) կուսակցութեան միջոցաւ, որոնք նաեւ օգնութիւն ստացան հայերէն։ Այդ շրջանին Քիւրտիստանի պետութիւն հռչակուեցաւ, սակայն անիկա երկար չտեւեց։ Զօրավար Իհսան Նուրին ապաստանեցաւ Իրան. թրքական ուժերը այրեցին քրտական բազմաթիւ գիւղեր՝ սպաննելով անոնց գիւղացիները, ապստամբութեան մաս կազմելու մեղադրանքով, իսկ մնացեալները տեղահան եղան իրենց բնակավայրերէն։
1934ին, Թուրքիոյ մէջ յայտարարուեցաւ վերաբնակեցման օրէնք մը, որ իբրեւ թէ պիտի նպաստէր երկրի մշակութային միատարրութեան, մինչդեռ անոր իսկական նպատակը քիւրտերը Տերսիմէն (ներկայիս Թունճելի) տեղափոխել էր դէպի այլ շրջաններ: Քիւրտերը մերժեցին այդ օրէնքը, եւ 1937էն 1939ի միջեւ տեղի ունեցաւ Տերսիմի ապստամբութիւնը՝ շէյխ Սէյիտ Ռեզայի ղեկավարութեամբ։ Աթաթիւրք տասնեակ հազարաւոր զինեալներ ուղարկեց՝ ապստամբութիւնը ճնշելու համար, ռազմական ինքնաթիռներ ալ օգտագործուեցան այդ նպատակին համար. զանգուածային սպանութիւններ տեղի ունեցան, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան եւ տուներ քանդուեցան։ Աւելի քան 10,000 քիւրտ տարահան եղաւ։ Վերջերս, Էրտողան ներողութիւն խնդրեց Տերսիմի ջարդերուն համար եւ Աթաթիւրքի կուսակցութիւնը պատասխանատու համարեց անոնց համար։ Տերսիմի մէջ կային մեծ թիւով իսլամացած հայեր, որոնք մինչեւ օրս տակաւին կան։
Քիւրտերու դէմ ճնշումներու եւ արգելափակումներու քաղաքականութիւնը աւելի սաստկացաւ 1960, 1971 եւ 1980 տարիներուն՝ ռազմական յեղաշրջումներու իբրեւ հետեւանք, երբ պետութիւնը շարունակեց հետեւիլ քեմալական մօտեցումներուն՝ քիւրտերու դէմ:
Քրտական ազատագրական շարժումը չաւարտեցաւ Տերսիմի յեղափոխութեան աւարտով. քիւրտերուն եւ թրքական կառավարութեան միջեւ հակամարտութիւնը արմատացած էր, եւ այլեւս լուծում չկար։ Կառավարութիւնը չընդունեց քրտական խնդիրի մը գոյութիւնը, հետեւաբար քիւրտերուն դէմ շարունակուող գործելաոճը պատճառ դարձաւ նոր կուսակցութեան մը ծագման։ 1978ին, Ապտուլլահ Օճալան հիմնեց Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութիւնը (PKK), որ պիտի շարունակէ քրտական ազատագրական շարժումը:
Մինչեւ ներկայ ժամանակները, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ սպաննուած են եւ քրտական հազարաւոր գիւղեր քանդուած․ զոհերուն թիւը անցած է 40 հազարը, որուն մեծամասնութիւնը քիւրտ է․ քանդուած գիւղերը 4 հազարէն աւելի են, աւելի քան 20 հազար մարդ անհետացած է ու հարիւր հազարաւոր քիւրտեր կառավարութեան կողմէ տեղահանուած ու վերաբնակեցուած են արեւմտեան Թուրքիոյ շրջանները։
Թուրքութ Էօզալ, որ կ՛ըսուի, թէ քրտական ծագում ունի, իշխանութեան հասաւ 1898ի Նոյեմբերլին․ 1991ին, ան որոշեց մասամբ մեղմացնել քիւրտերուն դէմ սահմանափակումները եւ ներում շնորհեց բանտարկեալներուն։ Կառավարութեան եւ քիւրտերուն միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ տեղի ունեցան 1993ին, իրաքցի քիւրտ ղեկավար Ճալալ Թալապանիի միջնորդութեամբ, եւ իբրեւ արդիւնք՝ 1993ին երկու կողմերուն միջեւ կռիւը դադրեցաւ։ Սակայն 1993ին Էօզալի յանկարծակի մահը արիւնալի բռնութեան նոր փուլի մը ծայր տուաւ։ Պայքարը դադրեցնելու երկրորդ փորձ մը եղաւ 1997ին, Թուրքիոյ նախագահ Նեճմետտին Էրպաքանի կառավարման ժամանակ, որ իր կարգին իսլամական հակումներ ունէր, բայց ան նոյնպէս ձախողեցաւ, երբ բանակը տապալեց Էրպաքանի իշխանութիւնը:
Օճալան ձերբակալուեցաւ 1999ին, Քենիոյ Նայրոպի քաղաքին մէջ, եւ բանտարկուեցաւ Թուրքիոյ Մարմարա ծովու Իմրալը կղզիին վրայ։ Քանի մը ամիս դատավարութենէ ետք, ան դաւաճանութեան եւ անջատողականութեան յանցանքով մահապատիժի դատապարտուեցաւ։ Մահուան դատավճիռը 2002ին փոխարինուեցաւ ցմահ բանտարկութեամբ, որմէ ետք բանակցութիւններ տեղի ունեցան Օճալանի եւ Պիւլենտ Էճեւիթի կառավարութեան միջեւ, սակայն՝ ապարդիւն։ Այնուհետեւ, յաճախ ընդհատուող յաւելեալ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութեան հետ։ Այստեղ պէտք է յիշել, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանային թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչներու եւ Օճալանի միջեւ։ 2009-2011ին, Օսլոյի մէջ նաեւ բանակցութիւններ կատարուեցան, սակայն անոնք եւս դադրեցան՝ երեք քիւրտ ներկայացուցիչներու սպանութեան պատճառով։
2012ին, Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց Օճալանի հետ խաղաղ բանակցութիւններ՝ իր բանտին մէջ, իսկ 2013ին, Օճալան ուղերձ յղեց իր հետեւորդներուն՝ հրամայելով անոնց վար դնել զէնքերը եւ լքել թրքական տարածքը։ Քիւրտ մարտիկները շարժեցան դէպի Իրաքի Քանտիլ լեռները, սակայն հրադադարը աւարտեցաւ 2015ին, Սուրիոյ իրադարձութիւններէն ետք, ինչպէս նաեւ թրքական ռազմական ինքնաթիռներու միջոցով հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի մարզին ուղղուած օդային հարուածներուն պատճառով։
Սուրիոյ մէջ, 2012ին, քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութիւնը ստեղծեց ինքնավար շրջաններ՝ Գամիշլիի, Քոպանիի եւ Աֆրինի մէջ։ 2015ին, «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները տասնեակ քիւրտեր սպաննեցին Սուրուճ քաղաքի մէջ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանին մօտ՝ Քոպանիի Այն Արաբ քաղաքին մօտ: Քիւրտերը հակադարձելով՝ Ուրֆայի մէջ երկու թուրք ոստիկաններ սպաննեցին, ուստի թրքական օդային հարուածները թիրախ դարձուցին Սուրիոյ քիւրտ զինեալները՝ PKK-ի հետ կապ ունենալու պատրուակով:
Քիւրտերը 2015ին յաջողեցան 78 անդամ ունենալ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, անցնելով խորհրդարան մուտք գործելու համար անհրաժեշտ ձայներու 11 տոկոսի շեմը՝ PKK-ին աջակցութեամբ (մինչդեռ Թուրքիա եւ արեւմտեան շատ երկիրներ զայն կը դասեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին)։ Սակայն քիւրտ քաղաքական գործիչներուն բոլոր յայտարարութիւնները կ՛որակուին իբրեւ դաւաճանութիւն, եւ անոնցմէ շատեր ներկայիս բանտարկուած են, ի միջի այլոց՝ նախկին ղեկավար Սալահատտին Տեմիրթաշը։ Թուրքիա քիւրտաբնակ Տիարպեքիր եւ Սուր քաղաքները վերածեց ուրուական քաղաքներու, ընտրուած շուրջ 100 քիւրտ քաղաքապետներ իրենց պաշտօններէն հեռացուց եւ անոնց փոխարէն Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչներ նշանակեց։
***
Քրտական ինքնութիւնը չէզոքացնելու բոլոր փորձերը ապարդիւն եղան:
Հաղորդակցական միջոցները եւ ընկերային համացանցերու օգտագործումը, ինչպէս նաեւ արբանեակային հեռուստատեսութիւնը կարեւոր դեր խաղացին քիւրտ հասարակութիւնը իրար կապելու։ Թուրքիոյ վայրագ քաղաքականութիւնը աւելի յայտնի դարձաւ քրտական համայնքին եւ միջազգային հանրութեան:
Այսօր, Էրտողան տարբեր ձեւերով կը փորձէ պահպանել իր դիրքերը Սուրիոյ հիւսիսային տարածքին վրայ, այսինքն՝ քիւրտերու շրջաններուն մէջ, եւ կը պայքարի անոնց դէմ՝ յանուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, մինչդեռ իրեն դաշնակից Միացեալ Նահանգները քիւրտերը կը համարէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող ամենամեծ աջակիցները: Միւս կողմէ, Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ գրեթէ ամէնօրեայ կրակոցներ եւ թրքական ռազմական ինքնաթիռներու յարձակումներ տեղի կ՛ունենան, իսկ վերջերս, Թուրքիա սպառնաց Իրաքի մէջ Սուլէյմանիայի քիւրտ առաջնորդ Պաֆըլ Թալապանիին, որպէսզի դադրեցնէ իր աջակցութիւնը PKK-ին, քանի որ ան կը նկատուի Իրանի ծրագիրը իրագործողը՝ PKK-ին աջակցելու կապակցութեամբ:
Բայց ինչո՞ւ է այս բոլորը: Ի վերջոյ ի՞նչ պիտի շահի Թուրքիան:
Պատասխանը յայտնի է:
Թուրքիոյ համար նպատակը քրտական շարժման վերջ տալն է, որ կը թուի թէ անկարելի բան է:
Եթէ քիւրտերը պատմական այդ մեծ սխալը չգործէին, թուրքերուն հետ միասին չհալածէին ու չկոտորէին հայերը եւ մասնակից չըլլային 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման, ապա ներկայիս իրենց եւ մեր վիճակը ուրիշ ընթացք պիտի ունենար։
Լոս Անճելըս