Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Պաղեստին պետութեան վարչապետ, արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Մոհամետ Մուսթաֆայի հետ։ Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Պաղեստինի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի կողմէ Պաղեստինը ճանչնալու նկատմամբ ցուցաբերուած սկզբունքային մօտեցման համար:
Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստանի որոշումը պայմանաւորուած է «երկու պետութիւն» սկզբունքով կարգաւորման աջակցելուն, մարդկային մեծ կորուստներու պատճառ դարձող իրավիճակի հանգուցալուծման կարեւորութեան գծով հետեւողական դիրքորոշումով:
Խօսակիցները նաեւ անդրադարձան երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ քաղաքական երկխօսութիւն զարգացնելու հարցերուն:
Յիշեցնենք, որ Երեւանի կողմէ 21 Յունիսին Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը շնորհակալութեամբ ընդունուեցաւ Պաղեստինի կողմէ եւ արժանացաւ Իսրայէլի կոշտ քննադատութեան։