
ՎԱԼԱՆԹԻՆ (ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ) ՍԱՐԱՖԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 13 Յունիս 1934ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, զոքանչին, տալոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Վալանթին Սարաֆեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 22 Յունիս 2024ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 6 Յուլիս 2024ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church (կարմիր եկեղեցի) մատրան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr, Los Angeles, Ca 90068, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Ասատուր եւ Տիանա Սարաֆեան եւ զաւակները, Վալանթինա եւ Տանիէլ
Դուստրը՝ Սոնիա եւ Լեւոն Վարդանեան եւ զաւակը՝ Կարօ
Դուստրը՝ Անի եւ Րաֆֆի Սէֆեան եւ զաւակները՝ Կրէկորի եւ Ալէք
Թոռնուհին՝ Լարա եւ Անթոնի Աւետիսեան
Եղբօր կինը՝ Տիգրանուհի Նիկողոսեան եւ զաւակները
Եղբօր դուստրը՝ Նորա եւ Մարտիկ Պուլտուգեան եւ զաւակը
Ները՝ Պերճուհի Սարաֆեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Տագրոջ զաւակը՝ Դանիէլ եւ Մատլէն Սարաֆեան եւ զաւակները
Եւ համայն Սարաֆեան, Նիկողոսեան, Պարսամեան, Վարդանեան, Սէֆեան, Աւետիսեան, Մղտեսեան, Ուղուրլեան եւ Պագլայեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի «Կարս» մասնաճիւղին։