Ուաշինկթընի «Պրուքինկզ» հաստատութեան մէջ խօսք առնելով՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Երեւան եւ Պաքու խաղաղութեան հասնելու բացառիկ կարելիութիւն ունին:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը «վերջ պիտի դնէ տասնամեակներու հակամարտութեան», «հսկայական տնտեսական կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ»:
«Կը կարծեմ, որ կայ հազուագիւտ հնարաւորութիւն մը, ներուժ մը՝ երկիրներուն միջեւ կեանքի կոչելու խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ աւարտին պիտի հասցնէ տասնամեակներ տեւած հակամարտութիւնը եւ, ըստ էութեան, տարածաշրջանին մէջ հսկայական կարելիութիւն պիտի ստեղծէ տնտեսական փոխգործակցութեան, տնտեսական աճի, ինչպէս նաեւ երկիրները իրարու՝ արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւններով կապելու համար: Ատրպէյճան չափազանց կարեւոր դեր կը խաղայ այս հարցին մէջ», շեշտեց Պլինքըն՝ աւելցնելով. «Աշխոյժ ջանքեր ներդրեցինք մեր դիւանագիտութեան միջոցով՝ փորձելով օգնել Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ հասնելու խաղաղութեան համաձայնագիրին: Այդ մէկը ըրինք Եւրոպական Միութեան հետ շատ սերտ համագործակցութեան եւ համակարգման միջոցով, եւ կը կարծեմ, թէ կարելի է անոր հասնիլ: Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ, այս առիթով խօսեցայ նախագահ Ալիեւի հետ»:
Ասոր զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վետանթ Փաթել, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ կ՛ընթանա՞ն առանց քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման՝ ըսաւ, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը եւ թէ անոր օգնականը կը շարունակեն կեդրոնացած մնալ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցին վրայ: Ան շեշտեց, որ ասիկա երկար գործընթաց է, եւ Ուաշինկթընէն կը պահանջեն շարունակական ներգրաւուածութիւն:
Ատրպէյճանի իրաւապաշտպանները կը պնդեն, որ 2000ականներէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւը շրջանցած է 300ը: Ըստ անոնց ուսումնասիրութիւններուն՝ ճաղերուն ետին կը գտնուին տասնեակ լրագրողներ, պլակըրներ, իրաւապաշտպաններ, ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ եւ կրօնքի հաւատացեալներ:
Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ տակաւին կան նաեւ 23 հայեր, որոնց կարգին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ 19 Սեպտեմբեր 2023ին ռազմական յարձակման պատճառով գերի տարուած 16 անձեր, որոնց կարգին Արցախի 8 ղեկավարները: