Շարք մը մրցանակներու արժանացած եւ «Օսքար»ի թեկնածութեան նախավերջին հանգրուանին հասած Կարին Յովհաննէսեանի Nowhere կարճ ֆիլմը այժմ հասանելի է առցանց, YouTube կայքին միջոցաւ։
Jerusalem Post-ին կողմէ «Տարուան լաւագոյն կարճատեւ ֆիլմը» եւ LA Weekly-ի կողմէ «մեր ժամանակներու ծուռ հեքիաթ»ը որակուած ֆիլմը 12 վայրկեան տեւողութեամբ եւ սեւ ու սպիտակ ֆիլմ մըն է, որուն պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ երեւակայական Nowhere քաղաքին մէջ, ուր շուքերը կ՛երազեն անկախանալ իրենց մարդկային տէրերէն։
Ֆիլմը BAFTA-ի որակաւորում ունեցող Լոս Անճելըսի կարճ ֆիլմերու միջազգային փառատօնին արժանացաւ «Լաւագոյն ֆիլմ» գլխաւոր մրցանակին, իսկ Short Encounters միջազգային փառատօնին (Յունաստան) արժանացաւ «Լաւագոյն փորձառական կարճատեւ ֆիլմ» մրցանակին։ Ֆիլմը ցարդ ցուցադրուած է 11 փառատօներու մէջ։
«Առաջին հայեացքէն, ֆիլմը պարզ հեքիաթ է՝ սիրոյ պատմութիւն մը, սակայն այդ պատմութեան խորքին մէջ կայ աւելի մութ եւ բարդ պատմութիւն մը՝ ազատութեան համար աշխարհի զանազան ծայրերու մէջ պայքարող բազմաթիւ մարդոց մասին», կ՛ըսէ ֆիլմին բեմագրութեան հեղինակ, գլխաւոր արտադրող եւ բեմադրիչ Կարին Յովհաննէսեան։
Կարին Յովհաննէսեանի հեղինակած ֆիլմերէն են՝ «1915»ը (2015), , Am Not Alone, Truth to Power-ը (2020); Invisible Republic-ը (2022) եւ City of Cards-ը։ Ան նաեւ հիմնած է Creative Armenia արուեստի հիմնադրամը եւ Artbox-ը, որոնց միջոցով կը բացայայտէ նորայայտ արուեստագէտներ եւ կ՛աջակցի անոնց։