

Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, 7 Յուլիսին մեկնարկեց 21րդ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերներու միջազգային փառատօնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 14 Յուլիս:
Փառատօնին կարմիր գորգը փոխարինած էին արուեստագէտ Դաւիթ Քոչունցի ձեւագծման հիման վրայ տեղացի գորգագործ վարպետներու ձեռքերով պատրաստած գորգերը, որոնք նոր շունչ հաղորդած էին հանդիսաւոր արարողութեան։
Փառատօնին բացումը վստահուած էր գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Եօթը Քօղեր» նոր ժապաւէնին, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր 2023ին, Թորոնթոյի շարժապատկերի փառատօնին:
Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, խօսք առաւ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, որ շեշտեց, թէ վերջին տարիներուն, Երեւան հարուստ է մշակութային նախաձեռնութիւններով, որոնք մայրաքաղաքը կեանքով եւ լաւ բոյրով կը լեցնեն: «Այս միջոցառումների շարքում «Ոսկէ Ծիրան»ը հնաբնակ է եւ 21րդ անգամ է մեզ համախմբում: Ես շնորհակալ եմ այն մարդկանց, որոնք անտրտունջ աշխատում են, ջանք ու եռանդ չեն խնայում, որ փառատօնը կայանայ», ըսաւ Աւինեան եւ կարեւոր նկատեց հիւրերուն մասնակցութիւնը փառատօնին: Ան ողջունեց կրկնակի օսքարակիր, բեմադրիչ Ալեքսանտր Փէյնը, ամբողջ աշխարհի մէջ Փարաջանովի դեսպան նկատուող բեմադրիչ Թարսեմ Սինկհը, շարժապատկերի աշխարհին մէջ Հայաստանի դեսպան Ատոմ Էկոյեանը:


Ըստ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի՝ «Ոսկէ Ծիրան»ը դարձած է երեւանեան ամրան անբաժանելի մասը: «Կինոփառատօնի (շարժապատկերի փառատօնին) մասին զրոյցները սկսւում են վաղ եւ շարունակւում են փառատօնից յետոյ, ինչը ցոյց է տալիս, թէ ինչքան կարեւոր է այդ հարթակը կինոմշակոյթի համար, եւ մեզ համար պատիւ է լինել փառատօնի կողքին: Առաւել քան վստահ ենք, որ կինոն զարգանալու է մեր երկրում, որովհետեւ վերջին տարիների օրէնսդրական փոփոխութիւններով նոր հնարաւորութիւններ են ստեղծւում: Յատկապէս ուզում եմ շեշտել համատեղ կինոարտադրութեան մեծ հնարաւորութիւնները, որ ստեղծուել են կինոյի մասին օրէնքի ընդունմամբ ու համատեղ կինոարտադրութեան ոլորտում ներդրումների մասնակի վերադարձի հնարաւորութեամբ: Սա հրաշալի նախապայման է, որ մեր երկրում զարկ ստանան հեռանկարային համատեղ կինոնախագծերը, որոնք կը ստանան պետութեան աջակցութիւնը», շեշտեց Անդրէասեան։
Ան ընդգծեց, որ դժուար ժամանակներ կ՛ապրինք, իսկ դժուար ժամանակները նաեւ դժուար խօսակցութիւններու համար են, որոնց լաւագոյն միջոցը արուեստն է, իսկ շարժապատկերը պիտի խօսի այն բոլորին մասին, որոնց մասին խօսելու այլ ձեւ եւ լեզու տակաւին չեն գտած:
«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Կարէն Աւետիսեան յայտնեց, որ փառատօնը ժամանակակից է: «Փառատօնն իր հերթին իր յարաբերութիւններն ունի աւելի մեծ երեւոյթների հետ` յաւիտենականութեան, ժամանակի, ապագայի պատմութեան», ըսաւ ան:
Երեւանի քոնեաքի գործարանի տնօրէն Սերգէյ Խաչատրեան Շարլ Ազնաւուրի 100ամեակին նուիրուած շիշ մը քոնեաք յանձնեց Ատոմ Էկոյեանին, որուն «Արարատ» ժապաւէնին մէջ Ազնաւուր դեր ստանձնած էր: «Երբ երեխայ էի, կը լսէի Ազնաւուրի երգերը, որովհետեւ ծնողներս շատ կը սիրէին զայն: Ես շատ լարուած էի, պրկուած, երբ առաջին անգամ ըլլալով անոր պիտի հանդիպէի ու հրաւիրէի զայն՝ իմ ժապաւէնին մէջ դեր խաղալու: Կը յիշեմ՝ Ազնաւուր ըսաւ, որ մեր պատմութիւնը արտասովոր ձեւով ներկայացնելը կարեւոր կը նկատէ, որովհետեւ մեր պատմութիւնը ինքնին արտասովոր է: Ես երբեք չեմ մոռնար Քաննի փառատօնին այդ գեղեցիկ անձնաւորութեան հետ ապրած պահերս», ըսաւ Էկոյեան, որուն «Փարաջանովեան թալեր» յանձնեց փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան։ «Ատոմ Էգոյեանը 12 տարի չէր եղել փառատօնին: Մենք` փառատօնի համահիմնադիրներ Միքայէլ Ստամբոլցեանը, Սուսաննա Յարութիւնեանը եւ ես, որոշել էինք հիմնադրել փառատօն, եւ մեզ ասում էին, որ փառատօնը հարկաւոր չէ, քանի որ չկայ կինօ, չկան կինոթատրոններ եւ այլն, բայց այն հիմնադրուեց, որի առաջին մրցանակը ստացաւ մեր սիրելի կինոռեժիսորը` Ատոմ Էգոյանը», ըսաւ Խաչատրեան:


Ցուցադրուեցան դրուագներ Ատոմ Էկոյեանի ժապաւէններէն, որոնց մէջ անոր սիրելի կինը՝ Արսինէ Խանճեան դերեր ստանձնած է: Էկոյեան խոստովանեցաւ, որ իր իւրաքանչիւր աշխատանք իր հոգիին` Արսինէ Խանճեանի հետ է, իսկ թալեր ստանալը երազի պէս բան է:
Ելոյթներէն եւ «Փարաջանովեան թալեր»ներու յանձնման արարողութենէն ետք բեմ բարձրացան փառատօնի հիմնադիրներ Յարութիւն Խաչատրեան, Սուսաննա Յարութիւնեան, Միքայէլ Ստամբոլցեանը, փառատօնի աւանդութիւնները լաւագոյնս շարունակող Կարէն Աւետիսեան, որոնք ազդարարեցին 21րդ «Ոսկէ Ծիրան»ի մեկնարկը:
Երեւանի 21րդ միջազգային «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնը հանրութեան պիտի ներկայացնէ մրցութային ժապաւէններ աշխարհի զանազան երկիրներէ, ինչպէս նաեւ ժապաւէններ ամէնէն հեղինակաւոր Քաննի, Պերլինի եւ այլ փառատօներէ:
Նշենք, որ փառատօնը յատուկ անդրադարձ պիտի կատարէ երկու մեծութիւններու` Շարլ Ազնաւուրի եւ Սերգէյ Փարաջանովի 100ամեայ յոբելեաններուն: