


Լոս Անճելըսի «Ֆրենսիս» ցուցասրահը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն բացուած է մրցանակակիր բանաստեղծ, թատերագիր եւ հեղինակ Արամ Սարոյեանի իւրայատուկ գծագրութիւններուն ցուցահանդէսը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 Օգոստոս։
Վերջին վեց տասնամեակներուն ընթացքին գծուած ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին «Գոյներով գրել» ընդհանուր խորագիրին տակ։
«Ֆրենսիս» ցուցադրեցուին հասցէն է՝ 8323 Melrose Avenue, Los Angeles, CA 90069։ Ցուցասրահը բաց է Չորեքշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։