Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքըն եւ Վան Եի Շաբաթ օր, Լաոսի մէջ, Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆի արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովի ծիրին մէջ վարեցին բանակցութիւններ` Հարաւային Չինական ծովուն մէջ լարուածութեան եւ Պէյճինկի եւ Մոսկուայի միջեւ կապերուն գծով Ուաշինկթընի մտահոգութիւններու լոյսին տակ:
Նախքան հանդիպումը, Պլինքըն քննադատած էր Պէյճինկի քայլերը Հարաւային Չինական ծովուն մէջ` զանոնք նկատելով անօրինական եւ լարուածութիւնը սրող:
Չինաստան Հարաւային Չինական ծովուն մէջ տարակարծութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Ֆիլիփինեան կղզիներուն հետ:
«Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկեց պաղեստինեան խմբաւորումներուն գոյացուցած (Պէյճինկի) հռչակագիրը: Երկու նախարարները համաձայն գտնուեցան, որ Միջին Արեւելքը շրջան մըն է, ուր երկու երկիրները կրնան միասնաբար գործել», «Ռոյթըրզ»ին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը: