«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը եւ Ազգային ողիմպիական կոմիտէն բողոքագիր մը յղեցին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին:
Բողոքագիրին պատճառը Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան մասնակցող խումբերու շքերթին ընթացքին, ֆրանսական «Ֆրանս-2» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարին խօսքերն էին. արդարեւ, երբ Սէն գետէն կ՛անցնէին հայ մարզիկները, ուղիղ եթերին ընթացքին հաղորդավարը ըսաւ հետեւեալը. «Հայերը, անշուշտ, մեր բարեկամներն են, եւ Հայաստան պատմականօրէն ֆրանսացիներու սիրտին մօտիկ երկիր է: Անցեալ տարին սուգի տարի էր Հայաստանի համար, երբ արձանագրուեցաւ Ղարաբաղի կորուստը, անիկա անցաւ Ատրպէյճանի բանակին ձեռքը»:
Պաքու Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն յորդորեց վճռական դիրքորոշում որդեգրել Ողիմպիական խաղերուն մարմնակրթութեան քաղաքականացման դէմ եւ հրապարակային յայտարարութիւն կատարել։