Պաշտօնական այցելութեամբ Կիպրոս գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթինոս Քոմպոսի հետ, նաեւ մասնակցեցաւ Կիպրոսի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան համագումարին։
Երկու նախարարներուն հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Միրզոյեան յայտնեց, որ սահմանային միջադէպերու, ինչպէս նաեւ սպառազինութիւններու վերահսկման գործիքակազմեր յառաջացնելու՝ հայկական կողմին առաջարկները տակաւին ուժի մէջ են, սակայն անոնց վերաբերող Ատրպէյճանէն պատասխան չեն ստացած։
Ան շեշտեց, որ Երեւան հաւատարիմ է խաղաղութեան եւ կայունութեան: «Այս առումով մենք միշտ համերաշխութիւն ենք յայտնել Կիպրոսի Հանրապետութեանը` աջակցելով Կիպրոսի խնդրի արդար եւ կայուն լուծում գտնելու ջանքերին` համաձայն ՄԱԿի անվտանգութեան խորհրդի բանաձեւերի ԥւ միջազգային իրաւունքի: Մեր յանձնառութիւնն արտացոլուած է նաեւ մեր անմիջական հարեւանութեամբ` Հարաւային Կովկասում կայուն խաղաղութիւն հաստատելու տեսլականում: Ես իմ գործընկերոջը ներկայացրել եմ վերջին քննարկումները, այդ թւում` Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման կարեւորութեան շուրջ, որն ամրագրում է տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում` հիմնուած 1991թ. Ալմա Աթայի հռչակագրի վրայ: Ընդգծել եմ նաեւ նոյն հռչակագրի եւ, հետեւաբար, 1991 թ. սահմանի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը», ըսաւ Միրզոյեան։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Երեւան եւ Պաքու պէտք է օգտագործեն ներկայ պատմական պահը «թշնամութեան էջը փակելու» եւ «կարեւոր խաչմերուկում գտնուող ողջ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման եւ բարգաւաճման համար աւելի լաւ ապագայ նախապատրաստելու համար»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսի նախարարին՝ այս հրաւէրին համար, որ իր ձեւաչափով առաջինն է: «Կիպրոսի հետ մենք ունենք գերազանց յարաբերութիւններ եւ կարող ենք առանց կասկածի արձանագրել, որ մեր համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներում արդէն հասել է ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի: Արտասովոր է համագործակցութեան դինամիկան (ուժաբանութիւնը) եւ միմեանց դիրքորոշումների խորը ըմբռնումը: Իմ գործընկեր նախարար Կոմբոսի հետ մենք պայմանաւորուել ենք լրացուցիչ խթանել համագործակցութիւնը, եւ Հայաստանը ծրագրում է մշտական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն հիմնել Կիպրոսում: Կարծում եմ, որ դա նոր հնարաւորութիւններ կը տայ շարունակել համադրել ջանքերը եւ ընդլայնել համագործակցութեան շրջանակները», ընդգծեց Միրզոյեան: