ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կազմակերպած Արհեստական Բանականութեան (AI) նուիրուած սեմինարը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, 3347 N. San Fernando Road, Los Angeles, CA 90065 հասցէին:
Մուտքը ազատ այս ձեռնարկին հրաւիրուած են մասնաճիւղի բոլոր հին եւ նոր անդամները ու «Արարատ»ի բոլոր բարեկամները:
ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղին կողքին սեմինարը կը հիւրընկալէ Muscle Lab-ի համահիմնադիր Էնտի Թրէյս:
Սեմինարին ընթացքին պիտի քննարկուին Արհեստական Բանականութեան վերջին նորութիւնները եւ պիտի արծարծուի անոր ապագան եւ անոր դերը առօրեայ մեր կեանքին մէջ:
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը: