Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով՝ կոչ ուղղեց Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ ժամանակաւորապէս զերծ մնալու Լիբանան այցելելէ, եթէ չկայ խիստ անհրաժեշտութիւն։
«Միաժամանակ, նախարարութիւնը յորդորում է այս պահին Լիբանանում բնակուող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին ցուցաբերել առաւելագոյն զգուշաւորութիւն, խուսափել վերջին օրերին թիրախաւորուած շրջաններ այցելելուց եւ հետեւել Լիբանանի իրաւասու մարմինների պաշտօնական հաղորդումներին եւ նախազգուշացումներին: Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած խնդիրների բախուելու դէպքում ՀՀ քաղաքացիները կարող են կապ հաստատել Լիբանանում ՀՀ դեսպանութեան հետ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ տիրող լարուած վիճակին եւ երկու կողմերէն կատարուած յայտարարութիւններու լոյսին տակ, զանազան երկիրներ եւս կոչ ուղղեցին իրենց քաղաքացիներուն՝ խուսափելու Լիբանան ճամբորդելէ, իսկ քանի մը օդանաւային ընկերութիւններ նուազեցուցին իրենց թռիչքները կամ կատարեցին ժամանակացոյցի վերադասաւորումներ։