ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ընկերային փոխյարաբերական կեանքը բազմաթիւ անկիւններ ունի, ուր տեղի կ՛ունենան շատ կարեւոր դէպքեր, եւ կ՛առնուին անհաշիւ որոշումներ: Իրարու հանդէպ մեր ունեցած ճանաչողութիւնը եւ փոխադարձ շահերը անպայման լոյսի մէջ չեն որոշուիր, այլ յաճախ մթութեան մէջ, երբ գիտակից մարդոց բացակայութիւնը բազմաթիւ աւերներու կատարման պատճառ կը հանդիսանայ:
Կեանքի մէջ իրականութիւնները ընդհանրապէս ծածկուած կը մնան մարդկութեան մեծամասնութենէն: Գաղտնի արարքները, վարագոյրներու ետին առնուող որոշումները, ուրիշներուն կեանքը քանդելու համար փոխանցուած անիմաստ զեկոյցները եւ այլ բազմաթիւ արարքներ, նոյնիսկ մարմնական վնաս հասցնող հարուածները այնքա՜ն բազմազան են, որ կարելի չէ ատոնց թուարկումը կատարել այստեղ, մի քանի տասնեակ տողերու մէջ:
Որո՞նց կրնաս վստահիլ: Ահաւասիկ կարճ հարցում մը, որուն պատասխանը դարձեալ կարճ պէտք է ըլլայ: Քու անձիդ գծով շատերու ունեցած տեսակէտները չես կրնար համադրել, ո՛չ ալ համակարգել ու փոխադարձ տեսակէտներու վերածել: Ամէն անձ ինք գիտէ քեզի մօտենալու կերպերը, որոնք կապ ունին իր սեփական շահերուն հետ:
Վերոնշեալ հարցումին պատասխանը մեզի կու գայ աւետարանական պատգամէն: Մեզի համար շատ դրական արդիւնք ունի բոլորը սիրելը: Ուրեմն պատասխանը յստակ է. «Բոլո՛րը սիրէ»: Ասիկա քու փրկութեանդ միակ ճամբան է. սակայն սոյն որոշման երկրորդ տողը կայ, ուր կ՛ըսուի. «Շատ քիչերուն վստահիր»: Ուրեմն, երկու տողերուն միջեւ պարտաւոր ենք դնել «բայց»ը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու նախադասութիւնները իրարու հետ առընչութիւն ունենան:
Ինչո՞ւ սակայն այս որոշումը: Դարձեալ յստակ է պատասխանը. որովհետեւ ամէն ինչ իրական չէ՛ այս կեանքին մէջ: Դէմքիդ նայող եւ ժպտացողները անպայման հարազատ եւ անկեղծ մարդիկ չեն քեզի: Անոնց մէջ կան շահամէտ մարդիկ, նոյնիսկ վարկաբեկիչներ, որոնք մասնաւոր առիթի կը սպասեն: Ճշմարտութիւնը յայտարարելու քաջութիւնը ամէն մարդ չունի: Ոմանք ամբողջ կեանքի ժամանակահատուած մը կը սպասեն, որպէսզի իրենց դէմ յարուցուած հարցերուն ճշմարտութիւնը յայտնուի, սակայն ո՛չ ոք կը համարձակի այդ մասին յայտարարութիւն կատարել: Ուրեմն, ճշմարտութեան բացայայտումը, այս կեանքի ամէնէն դժուարին խնդիրներէն մէկն է: Անձնական բարեկամութիւններ, ներքին թշնամութիւններ, քաղաքական դիրքորոշումներ, նիւթական հաշիւներու խնդիրներ, եւ այլ ասելի եւ անասելի մօտեցումներ պատճառ կը հանդիսանան, որ ճշմարտութիւնը քօղարկուի մինչեւ մահ…։
Անկեղծութիւնը մարդկային բացառիկ առաւելութիւն մըն է, իւրայատուկ նկարագիրով մարդոց յատուկ: Ամէն մարդ չի՛ կրնար անկեղծ ըլլալ: Բարի սրտերու յատուկ առաքինութիւն մըն է ասիկա, որ երկնային շնորհքով լեցուն անձերու յատուկ, երկնային տուչութիւններէն կարելի է համարել: Ուրեմն, երբ միշտ բարի սրտի զգացումներով կը նայիս աշխարհին, նոյնիսկ քեզ «օձ» կոչողներուն յարելով հայեացքդ, անոնցմէ դրական պատասխան երբեք պիտի չակնկալես:
Այստեղ կայ շատ կարեւոր «օրէնք», որ մարդկային ցեղի սկզբնաւորութենէն ի վեր գոյութիւն ունի: Չկայ մարդ, որ ինք օձ ըլլալէ առաջ ուրիշները օձ համարէ: Ինքնագիտակից օձը միայն կրնայ զգուշանալ նորելուկ օձերէն, փրկելու համար իր օձութիւնը, կամ օձի նկարագիրը: Տուեալ օձը, իր ունեցած վարժութեամբ ու տարիներու փորձառութեամբ կÿաշխատի, իր դիրքն ու հանգամանքը պաշտպանելու, միշտ վախնալով նոր օձերու ծնունդէն եւ նուազագոյն շարժումներէն: Չմոռնանք որ օձը՝ օձ է, իսկ մարդը՝ մարդ…։
Նման մարդոց ուղղած խնդրանքներէդ մէկն իսկ եթէ չկատարեն անոնք, երբեք չյուսահատիս: Այս մտածումդ անգամ պէտք է հեռացնես մտքէդ. այսինքն՝ նման անձերու խնդրանք ներկայացնելու պէտք չունիս: Անոնք միշտ նախապատրաստուած են մերժելու քեզի եւ վարկաբեկելու անձդ…։ Ուրեմն, վերոյիշեալ անձերէն ոչ մէկ օգնութիւն, նոյնիսկ ոչ մէկ պատասխան մի ակնկալեր: Ընդհակառակը, յատուկ կեցուածքներ որդեգրէ անկախանալու, եւ քու սեփական կարողութիւններովդ ամչցնելու այդ ինքնասէր եւ օձամիտ մարդիկը:
Մարդը մարդուն կը սիրէ, եւ բնականաբար օձն ալ օձին պիտի սիրէ: Տեսա՞ծ էք երբեք, որ օձը մարդ սիրէ, իսկ մարդն ալ օձին հանդէպ սէր կամ նոյնիսկ վստահութիւն ունենայ…։ Աշխարհի ստեղծագործութեան առաջին օրերէն իսկ սոյն հարցումին պատասխանը տրուեցաւ դրախտին մէջ: Մարդ եւ օձ չկրցան համակերպիլ առաջին իսկ օրերէն սկսեալ, եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց հակամարտութիւնը:
Ընկերային կեանքի հաւասարութիւնը կարեւոր է յաջողութեան հասնելու համար: Եթէ մարդը եւ օձը չեն կրնար համակերպիլ, սակայն մարդկային ընկերութեան միջավայրին մէջ հաւասարութիւնները յաճախ յաջողութեան դուռ կը բանան: Այսպէս, ազնուական դասակարգերու միջեւ գոյակցութիւնը, եւ հասարակ խաւերուն միջեւ իրարու հետ աւելի մտերմութիւնները բնական երեւոյթներ են: Անցեալին լսուած առակ է, որ սոխ ծախողին աղջիկը, սխտոր ծախողին տղուն հետ կÿամուսնանայ եւ շատ յաջող ընտանիք կը կազմեն: Միջավայրը, մանկութենէն հաստատուած ընտանեկան բարեկամութիւնը, վաճառականական յարաբերութիւնները եւ այլ կապեր, միշտ առիթ կը ստեղծեն միանալու: Ասիկա աւելի բարեյաջող խնամութիւն է, քան արքայական ընտանիքի եւ սովորական խաւի հետ շփումը: Ամուսնական թեկնածուներուն ապրած միջավայրի տարբերութիւնը միշտ խնդիրներ պիտի յարուցէ ապագային, երբ սիրոյ երեւակայական պաստառի բովանդակութիւնը իր աւարտին հասնի: Կը կրկնենք մեր վերյիշած առակին իմաստուն սկիզբն ու վերջաբանը միատեղ, որ սոխ ծախողին աղջիկը, սխտոր ծախողին տղուն հետ կÿամուսնանայ: Ասոնց ծնողներուն խնամութիւնն ալ բացառիկ յաջողութեամբ կը պսակուի, թէ՛ գործի յաջողութեան իմաստով եւ թէ ընկերային կեանքի ընթացքով:
Կը վերադառնանք վերը մեր կատարած ակնարկին, վերյիշեցնելու համար օձին հնարամտութիւնները ընկերային կեանքի մէջ: Յաջողութեան հասնելու միջո՞ց մըն է արդեօք օձ ըլլալը: Այն անձը, որ իսկապէս յաջողութիւններ արձանագրած է իր կեանքին մէջ, արդեօք ծանօ՞թ է իր օձական ինքնութեան…։ Դժուար թէ կարելի ըլլայ հաստատել սոյն իրողութիւնը, որովհետեւ օձը յաճախ «իր շապիկը կը փոխէ», կաշին անտառին մէջ կը թողու, եւ նոր ու աւելի փայլուն մորթովը կը ներկայանայ հանրութեան: Նոյն օձը չէ՞ այդ. վստահաբար նոյնն է, որովհետեւ ան իր ներքին ինքնութենէն բնաւ չի՛ հրաժարիր: Որքան ալ դուրսերը պտըտի եւ ճաշի համար որոնումներ կատարէ օձը, վերջաւորութեան դարձեալ կը վերադառնայ իր փորած ծակին մէջ, հազարաւոր անգամ լեզուն դուրս ներս ընելով, եւ խօսքի տարափի ենթարկելով իրեն հակառակորդ համարած մարդ էակները:
Ուրեմն, բնաւ մի՛ մտահոգուիք, երբ օձը օձ կոչէ ուրիշները: Ընդհակառակը ատիկա լաւ առիթ է իսկական օձը ճանչնալու, որովհետեւ եթէ ինք իբրեւ օձ ծնած չըլլար, ինչպէ՞ս պիտի ճանչնար իր նորածինները…։