
Փասատինա, Քալիֆորնիա.- Հայ Դատի յանձնախումբի Փասատինայի մասնաճիւղը կ՛աջակցի, Փասատինայի Միացեալ վարժարաններու (ՓՄՎ) Ուսումնական վարչութեան երկրորդ թաղամասի ներկայացուցիչ՝ Ճենիֆըր Հոլ Լիի թեկնածութեան, Նոյեմբեր 2024ի ընդհանուր ընտրութիւններուն։

«Տիկին Լի լաւատեղեակ է վարժարաններուն մէջ իրադարձութիւններէն եւ ունի խոր ըմբռնում աշակերտներուն՝ ներառեալ հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն առօրեայ խոչընդոտներուն եւ անոնց փարատումի աշխատանքին դժուարութիւններուն եւ անհրաժեշտութիւններուն։ Վարչութեան անդամ Ճենիֆըր Հոլ Լի ունի այդ տեսլականը քայլ առ քայլ բարելաւելու իրավիճակը եւ լուծելու հիմնական հարցերը», ըսաւ Հայ Դատի յանձնախումբի Փասատինայի մասնաճիւղի ատենադպիր Մարիա Էզիքեան։
«Փառաւորուած կը զգամ՝ ունենալով Հայ Դատի Փասատինայի մասնաճիւղի աջակցութիւնը եւ կը ձգտիմ բոլոր աշակերտներուն յաջողութեան, ինչպէս նաեւ Հայկական միութիւններուն Պլէր եւ Ուէպսթըր վարժարաններուն յարկին տակ գտնուող աշակերտներուն», յայտնեց ուսումնական խորհուրդի փոխատենապետուհի Ճենիֆըր Հոլ Լի։
Ալթատինայի քաղաքացի Ճենիֆըր Հոլ Լի քաղաքական կեանքի սեղանին կը բերէ հարուստ գիտելիքներու պաշարներ, զորս ամբարած է երկարամեայ փորձառութեամբ հանրային եւ անձնական աշխատանքներու մէջ։ Նախքան հանրային աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած ըլլալը՝ Ճենիֆըր Հոլ Լի երեսուն տարիներ գործած է հովանիին տակ արուեստի ոլորտին մէջ։ Ան աշխատած է Technicolor, Editor, Warner Bros. Editor, Lucasfilm and Visual Effects Editor հաստատութիւններուն, որոնք արդիւնաբեր եղած են զանազան տեսահոլովակներու պատրաստութեան մէջ։ Յետ քաղաքական հանրային աշխարհ մուտքին, 2015ին ան ընտրուած է անդամ Ալթատինա քաղաքի խորհուրդին, ուր ծառայած է իբրեւ գանձապահ մինչեւ 2020, ապա իր թեկնածութիւնը յաջողութեամբ պսակելով՝ ընտրուած է Փասատինա քաղաքի երկրորդ թաղամասի ներկայացուցիչ Փասատինայի Միացեալ վարժարաններու (ՓՄՎ) (PUSD) կրթական վարչութեան (BOE), ուր ծառայեց իբրեւ փոխնախագահ։
Անոր ուղեւորութիւնը ճակատագրական կը նկատուի՝ հասնելու այսօրուան կարեւորագոյն աշխատանքին՝ ազգի ապագային՝ երիտասարդութեան։
Ճենիֆըր Հոլ Լի հսկայական փորձառութիւն կը ցուցաբերէ բոլորովին կատարելագործելու այն պաշտօնը, որուն համար իր թեկնածութիւնը կը դնէ։
– Ան կը ներշնչէ Վերահսկիչ յանձնախումբը, որուն անդամ է 2023էն ի վեր:
– Հանրային զրոյցներ կը կատարէ Փասատինանայի Միացեալ վարժարաններու տեսլականներուն շուրջ, շեշտելով յատուկ օժանդակութեան կարիք ունեցող մանուկներու ծրագիրները եւ IDEA ծրագիրին դրամագլուխ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
– Կ՛աշխատի համայնքի զանազան անդամներու հետ, պատրաստելու եւ վերջնականացուելու համար լուծում թ. 2703ը՝ Support of Inclusion of Armenian Checkbox in 2030 Census։
– Կը ղեկավարէ Design Team յանձնախումբը, որ կը գործակցի Steering Committee-ին հետ, մշակելու համար Լատինանայի Միացեալ վարժարաններու հնգամեայ ծրագիրը։
– Կ՛անդամակցի ԱՄՎԱՃ աշակերտական ապահովական ինչպէս նաեւ կլիմայի յանձնախումբերուն, 2022-.էն օրս։
– Յղացած է քաղաքի ժողով՝ Մտովի տնօրէններուն հետ։ Մասնակցած է համայնքի ձեռնարկներու՝ լուսաբանուելու համար Եփովին մասին։
– Օժանդակած է վարչական պատասխանատուներուն, անոնց տրամադրութեան տակ դնելով՝ տեղեկութիւններ եւ փորձարութիւն կալուածային հարցերու շուրջ։
– Հաստատած է կնոջ պատմութեան ամսուան համագումարը վարժարանի նախկին տնօրէնին հետ։ Այս համագումարը այժմ ընդլայնած է երկրորդական վարժարանին եւս (High School), որուն եօթնամեակը պիտի նշուի 2024ին (2018էն ի վեր)
– Ան արժանացած է Մագիստրոսի տիտղոսին Governance մարզումի ճիւղին մէջ, Քալիֆորնիոյ դպրոցական խորհուրդներու միութեան կողմէ (California School Boards Association)։
Կրթական վարչութեան փոխնախագահ Լիի տեսլականը այդ վարչութեան համար կը բաղկանայ զանազան անկիւնադարձային յատկանիշներէ, ինչպէս՝ աշակերտներու մակարդակի կատարելագործում, մարզում, կալուածներու կարգաւորում եւ ապահովութիւն:
Հոլ Լի կամաւոր ծառայութիւն կատարած է զանազան միութիւններու մէջ։ Իբրեւ գործակից՝ Eiot Arts Magnate Academy’s Annual Fund վարժարանի տնօրէնին հետ ծառայած իբրեւ այդ վարչութեան ատենապետ երկու տարիներ։ Ան նաեւ հիմնած է Women’s History Month համագումարը ուր կը գործէ իբրեւ նախագահ 2017էն ի վեր։
Այս բոլորը՝ նախքան իր ընտրական յաջողութիւններուն հասնիլը։ Ան զանազան աշխատանքներ տարած է Կնոջական ընտրութիւններու կրթական ծրագիրներու։ Բազմաթիւ հանրային ասուլիսներով ան շեշտը դրած է դրամագլուխ ապահովելու կարեւորութեան մասին՝ վերոնշեալ IDEA ծրագրին։
Անոր վճռակամութեան իբրեւ ապացոյց, Ճենիֆըր Հոլ Լի անձնուիրաբար կը ծառայէ ՓՄՎու երիտասարդութեան, ծնողներուն եւ համայնքին։
Հայ Դատի յանձնախումբի Փասատինայի մասնաճիւղը հպարտօրէն կը կ՛աջակցի Ճենիֆըր Հոլ Լիի թեկնածութեան ՓՄՎ Կրթական վարչութեան երկրորդ գաղութի նիստին յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որոնք տողի պիտի ունենան 5 Նոյեմբեր 2024ին։ Կը հաւատանք, որ ան պիտի ներկայանայ իբրեւ գերադաս ղեկավար, իր հետ բարձրացնելով Փասատինայի ուսումնական մակարդակը։
Հայ Դատի յանձնախումբի Փասատինայի մասնաճիւղը ամէնէն հին հսկայ ու ազդեցիկ ոչ-կուսակցական հաստատութիւնն է քաղաքին մէջ։ 1979ին կազմուած Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը պաշտպանէ ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական իրաւունքները Փասատինա քաղաքի հայ համայնքին, քաջալերելով անոնց մասնակցութիւնը իրենց քաղաքացիական ծառայութեան։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք կապ հաստատել յանձնախումբի հանրային յարաբերութիւններու պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանի հետ՝
Գրելով ե-նամակի pasadenachapter@ancawe.org հասցէին կամ հեռաձայնելով (626) 484-7772 թիւին:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ
ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ