Իրանի ռազմավարական հարցերու գծով նոր նշանակուած փոխնախագահ Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ 2013էն 2021 վարած էր երկրին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը եւ կողմնակից եղած էր Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն, այդ պաշտօնին նշանակուելէն 11 օրեր ետք հրաժարեցաւ:
Զարիֆ «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան այսօր 14րդ կառավարութեան նախարարները ներկայացուց խորհրդարանին, եւ անոնց բոլորին ալ յաջողութիւն կը մաղթեմ: Բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, որ նախագահին իրաւունքն է կառավարութեան անդամները ընտրել, եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման խորհրդատուական խորհուրդը միայն խորհրդատուական մարմին է: Ես երախտապարտ եմ անոնց` ինծի այս նոր փորձին եւ քաջարի նախաձեռնութեան մասնակցելու պատիւը տրուելուն համար: Ես բաւարարուած չեմ (նոր կառավարութեան ձեւաւորման խորհրդատուական խորհուրդի ղեկավարի) աշխատանքիս արդիւնքէն եւ ամօթ կը զգամ, որ չկրցայ յանձնախումբի մասնագէտներու կարծիքը ստանալ եւ ինչպէս խոստացած էի՝ կիներու, երիտասարդներու եւ մերձաւորներու պատշաճ ներկայութիւնը ապահովել: Բնականաբար, տակաւին կան կարգ մը փոխնախագահներ, որոնք կը յուսանք կը փոխհատուցեն այդ բացը: Իրանէն ներում կը հայցեմ ներքին քաղաքականութեան միջանցքներուն մէջ հարցերը հետապնդելու անկարողութեանս համար»: