Հայաստանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնը իր հիմնադրութեան 13ամեակին առիթով, ամփոփ տողերով ներկայացնելով իր պատմականը եւ ապագայի տեսլականները՝ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«14 Օգոստոսին լրացաւ ԹՈՒՄՕ 13րդ տարեդարձը։ 13 տարի առաջ այս օրը Երեւանի մէջ բացուեցաւ առաջին ԹՈՒՄՕ կեդրոնը՝ նպատակ ունենալով լայն տարողութեամբ ստեղծել կեանքեր փոխող ուսումնական փորձառութիւններ։ Այն, ինչը սկսաւ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու երազով վերածուեցաւ համաշխարհային կրթական ցանցի մը, որ արդէն ունի 10 միջազգային կեդրոններ եւ մօտիկ ապագային անոնց պիտի գան միանալու այլ կեդրոններ եւս։
«Մարի Լուի եւ Բեկոր Փափազեանի հետ Սիմոնեանները կը պատկերացնէին կրթական միջավայր մը, ուր պատանիները, անկախ իրենց ծագումէն եւ հանգամանքներէն, պիտի կարենային բացայայտել իրենց ներուժը եւ տնօրինել իրենց ուսումնական գործընթացը։
«Այս տարիներուն ընթացքին, միայն Հայաստանի ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն եւ «տուփ»երուն մէջ ուսանած են 130,000 պատանիներ։ ԹՈՒՄՕն ոչ միայն կրթական կեդրոն մըն է, այլ նաեւ՝ համայնք մը։ Մեր գործունէութիւնը սահման չի ճանչնար։
«Թուայնացման միջոցով ԹՈՒՄՕն ունի առաւել քան 200 հայկական կոթողներ ներառող արխիւ մը։ Յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսենք թուայնացնել շուրջ 500 յուշարձաններ։
«ԹՈՒՄՕի 13րդ տարեդարձին առիթով կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել մեր գործընկերներուն, նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն։ Ձեր ներդրումները կարեւոր դեր ունեցած են կրթական ապագայի կերտման մէջ։
«Մենք յանձնառու ենք ընդլայնելու մեր ցանցը՝ նպատակ ունենալով հիմնել 16 կեդրոններ եւ 110 շարժական մասնաճիւղեր, ուր ամէն շաբաթ 80,000 պատանիներ Հայաստանի բոլոր անկիւններէն նորարարական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւնը պիտի ունենան»։