

Կիրակի, 18 Օգոստոսին Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք: Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատուցեց, օրուան պատգամը փոխանցեց եւ Խաղողօրհնէքի արարողութեան նախագահեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ եկած էր հաղորդուելու օրուան խորհուրդին հետ:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլեն Ասատրեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիրեան եւ փոխատենապետ Տէրիք Ղուկասեան:
Իր պատգամին մէջ, սրբազանը յի շել տուաւ, որ քրիստոնեայ եկեղեցիները այսօր, համախմբուած Աստուածամօր շուրջ՝ կու գան իրենց աղօթքներով, շարականներով եւ տաղերով գովաբանելու եւ փառաւորելու մաքրամաքուր կոյսը: «Աստուածամայրը եղաւ այն ընտրեալ կինը, որուն կեանքը եզակի, հոգեկրթիչ ու հոգեփոխման պատուէրներով լեցուն պատգամ մը մեզի համար» ըսաւ սրբազանը: Ան դիտել տուաւ, որ Աստուածամայրը իր համեստութեամբ, հեզութեամբ, հնազանդութեամբ, խոնարհութեամբ եւ անսահման սիրով օրինակելի տիպար է բոլորիս համար: Սրբազանը, շնորհաւորելով հազարաւոր ուխտաւոր մայրերը՝ մաղթեց, որ «թագուհիներու թագուհին» Մարիամը պաշտպան ըլլայ անոնց՝ քրիստոնէական արժէքներու պաշտպանութեան եւ Աւետարանի բարի սերմերու տարածման իրենց առաքելութեան մէջ:
Ս. սեղանին կը սպասաւորէին Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահբազեան եւ օգնական հովիւ Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին «Շնորհալի» եւ «Խաչատուրեան» երգչախումբերը՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիմեանի եւ Արթուր սրկ. Վարդանեանի։
Յընթացս Ս. պատարագի կատարեցաւ նաեւ խաղողի օրհնութիւն։

ԱՆԱՊԱՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Տնօրինութեամբ առաջնորդին եւ հրաւէրով Անապատի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Գէորգ սրկ. Գէորգեանի եւ Ծխական խորհուրդին, նոյն օրը, Անապատի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց, Խաղողօրհնէքի արարողութեան նախագահեց եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Արեւմտեան թեմի հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հանգստեան կոչուած հայր Ռոնալտ Վթվուդ: Պատարգին իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ, որուն համար պատարագիչ քահանան իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց Գէորգ սարկաւագին, որ սրբազան հօր յանձնարարութեամբ սիրով եւ հաւատարմութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:
Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան պատարագին ընթացքին հաւատացեալներու բազմութեան ներկայութեան Սուրբ Միւռոնով Ճինա Անզորի դրոշմի արարողութիւնը կատարեց, որ յետ պատրաստութեան անդամագրուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ:
«ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՄԷՋ
Ըստ տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան՝ 11 Օգոստոսին, յանձնարարութեամբ առաջնորդին, խումբ մը հոգեւորականներ այցելեցին Լոս Անճելըսի «Արարատ Տուն»ը եւ Վերափոխման խորհուրդով ողողեցին տարեցներուն սիրտերը: Ս. Պատարագը մատուցեց Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեան: Պատարագի աւարտին, հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը: Տօնին առիթով ներկաներուն փոխանցուեցաւ օրուան խորհուրդը եւ առաջնորդ սրբազան հօր արեւշատութեան բարեմաղթութիւնները եւ օրհնութիւնները:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ