
30 Օգոստոսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ ստորագրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովներու միացեալ գործունէութեան վերաբերող կանոնակարգը:
«2024 թուականի Ապրիլի 19ին ստորագրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի 8րդ հանդիպման արձանագրութեանը համապատասխան` յանձնաժողովներն աւարտել են համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի համաձայնեցման աշխատանքը: 2024 թուականի Օգոստոսի 30ին յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը համապատասխան կերպով ստորագրուել է: Ներկայ պահին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ադրբեջանի Հանրապետութիւնը սկսել են ներպետական ընթացակարգերի իրականացումը», կը նշուի նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու միացեալ գործունէութեան մասին կանոնակարգը վաւերացման ընթացակարգի ծիրին մէջ պիտի ուղարկուի Սահմանադրական դատարան`որոշելու ամրագրուած պարտաւորութիւններու համապատասխանութիւնը Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ։ Լուրը փոխանցեցին վարչապետին աշխատակազմէն:
Սահմանադրական դատարանի դրական դիրքորոշումին պարագային, փաստաթուղթը արդէն պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովին՝ առ ի վաւերացում։
Ըստ վարչապետի աշխատակազմին` կանոնակարգը ստորագրուած է բնօրինակ փաստաթուղթերը դիւանագիտական խողովակներով փոխանակելու միջոցով. անիկա պիտի հրապարակուի յառաջիկայ Երկուշաբթի օր։
«Փաստաթղթի աւելի ուշ հրապարակումը կապուած է երկու երկրներում գործընթացները հնարաւորինս սինխրոնացնելու (համաժամանակեցնելու) անհրաժեշտութեան հետ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Սահմանազատման սկզբունքները ամրագրող փաստաթուղթը պէտք է համաձայնեցուէր մինչեւ 1 Յուլիս: Ըստ վարչապետին աշխատակազմին՝ «բանակցութիւնների համար փաստացի մի փոքր աւելի շատ ժամանակ է պահանջուել նախագիծը վերջնական համաձայնեցնելու եւ ստորագրելու համար»:
Կանոնակարգին հաստատումէն ետք, Երեւան եւ Պաքու պէտք է համաձայնեցնեն հերթականութիւնը եւ շարունակեն սահմանի բոլոր մնացած հատուածներուն սահմանազատման գործընթացը: