
Կիրակի, 18 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայ կրթական բարեսիրական միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթաթոշակային յանձնախումբին կազմակերպած նախաճաշ ընդունելութիւնը, որուն ընթացքին յայտարարուեցան 2024-2025 կրթական տարուան կրթանպաստ ստացողներու անունները:
Այս տարուան մրցանակները շնորհուեցան Միացեալ Ահանգներու զանազան կողմերէ, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն 14 համալսարանական ուսանողներու:
Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿԲՄի Փասատինայի կենդրոնին մէջ:
Ձեռնարկին հանդիսավարը եւ ՀԿԲՄի 2021ի կրթանպաստին արժանացած ուսանող Ալին Կոզեան վարեց հանդիսութիւնը. ան խօսեցաւ իր անձնական ճանապարհորդութեան եւ կրթաթոշակին նշանակալի ազդեցութեան մասին։ «Այս կրթաթոշակը կը տրամադրուի ոչ միայն իբրեւ պարզ նիւթական աջակցութիւն, այլ նաեւ վաւերացման եւ խրախուսման զգացում կը յառաջացնէ: Անիկա կը յիշեցնէ, որ իմ քրտնաջան աշխատանքը եւ հաստատակամութիւնը ճանչցուեցան եւ գնահատուեցան: Վստահութեան այս բարձրացումը մեզ կը մղէ յառաջ՝ օգնելով մեզ գերազանցել ուսումնական եւ անձնական կեանքին մէջ», ըսաւ ան:
Իր բացման խօսքէն ետք Ալինը ներկայացուց ՀԿԲՄի առաքելութեան եւ կրթաթոշակի հիմնադրամին յատուկ նպատակներուն համառօտ պատմութիւնը:
Ապա բեմ բարձրացան յանձնախումբի ղեկավարներէն Թադէոս Քորողլեան եւ Ժիրայր Կիրակոսեան՝ ներկայացնելու այս տարուան մրցանակները:
Այս տարուն մրցանակակիրներն էին.
Միացեալ Նահանգներէն.
– ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի առաջին տարուան ուսանող Վոն Աբաքեան.
– UCLA համալսարանի երկրորդ տարուան ուսանող Լիլի Յակոբեան.
– Մեսեչուսեցի Լօուելի համալսարանի առաջին դասարանի ուսանող Անի Ֆիշեր.
– Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի առաջին դասարանի ուսանող Օսան Չարըքեան.
– Ֆերահեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ Սթենֆըրտի համալսարանի առաջին դասարանի ուսանող Թալին Նահապետեան.
– Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ UCLA համալսարանի առաջին դասարանի ուսանող Սանտրա Փափազեան
– UCLA-ի առաջին դասարանի ուսանող՝ Ալիք Թուֆէնքճեան.
Հայաստանէն՝ Սուրիկ Ղազարեան, Արամայիս Մկրտչեան, Դաւիթ Պետրոսեան եւ Հայկ Սոլկարեան.
Լիբանանէն՝ Սերլի Պետիկեան, Կէրի Կուլեան եւ Սեւակ Իզմիրլեան։