Հրանդ Տինքի ծննդեան տարեդարձի օրը՝ 15 Սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ իր անունով մրցանակներու բաշխումի 16րդ արարողութիւնը, այս անգամ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ։
Յայտագիրը կը ներառէ երաժշտական կատարումներ, տեսերիզներու ցուցադրութիւն եւ մրցանակակիրներու ելոյթները։
Արարողութեան կարելի է հետեւիլ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կայքէն եւ ընկերային ցանցերու (hrantdink.org/hyw, «Ֆէյսպուք», X, «ԵուԹուպ» եւ «Ինսթըկրամ») էջերու վրայ։
Երկու մրցանակներ կը յանձնուին. մէկը՝ Թուրքիայէն, միւսը արտասահմանէն անհատի մը կամ կազմակերպութեան մը, որոնք աշխատանք կը տանին ՝ խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ եւ բռնութենէ զերծ աւելի ազատ եւ արդար աշխարհի մը համար։ Անոնք իրենց կեանքը վտանգի կ՛ենթարկեն յանուն այս նպատակներուն, կը կոտրեն կարծրատիպերը եւ կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն։