

Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը, որուն անդամ է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը, որուն ոչ-պաշտօնական թարգմանութիւնը զետեղուած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կայքին վրայ:
Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան բանաձեւը`
«Ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ հայ բնակիչներու սպանութիւնները եւ այլ բռնութիւնները` ներառեալ խոշտանգումները,
«Ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական ղեկավարներու բանտարկութիւնը,
«Ճանչնալով Սեպտեմբեր 2023ի զանգուածային բռնութիւններու սպառնալիքին տակ Լեռնային Ղարաբաղէն 100,000 հայ բնակիչներու վտարումը,
«Ճանչնալով հակահայկական ատելութեան խօսքի եւ ցեղասպանական մտադրութիւններու պատմութիւնը, զոր Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները, քաղաքական, ռազմական եւ կրօնական ղեկավարները տարածած են,
«Ընդունելով, որ Ատրպէյճան բանտարկած է հայ զինուորներ եւ խաղաղ բնակիչներ, որոնցմէ ոմանց գտնուելու վայրերը տակաւին անյայտ են,
«Ճանչնալով, որ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ոչնչացնէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը,
«Ընդունելով Լեռնային Ղարաբաղի հանրաքուէն` Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու կամ անկախ պետութիւն դառնալու նպատակով,
«Ընդունելով, որ Ատրպէյճան Դեկտեմբեր 2022էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2023 փակած էր Լաչինի միջանցքը` արգիլելով ուտելիքի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն` ստեղծելով մարդասիրական ճգնաժամ, որ յանգեցուց թերսնման, սովամահութեան եւ հոգեբանական վնասի,
«Յիշեցնելով 6 Փետրուար 2023ին ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, որ Ատրպէյճանին կը պարտաւորեցնէր վերջ տալու Լաչինի միջանցքի փակումին,
«Յիշեցնելով նաեւ Նոյեմբեր 2023ի ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, որ կը պարտադրէր Ատրպէյճանին ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն ապահով վերադարձը,
«Ճանչնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի` Փետրուար եւ Նոյեմբեր 2023ի որոշումները չկատարելը,
«Ճանչնալով, որ Ատրպէյճան 19էն 20 Սեպտեմբեր 2023 ռմբակոծած է Լեռնային Ղարաբաղը` առաւել քան 200 զոհերու եւ 100,000 հայերու հարկադիր տեղահանման ելքով,
«Ընդունելով միջազգային մտահոգութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան հաւանական ներխուժման վերաբերեալ,
«Ընդունելով միջազգային իրաւաբաններու, ՄԱԿի ներկայ եւ նախկին պաշտօնատարներու, այլ կազմակերպութիւններու եւ գիտնականներու կարծիքները` ցեղասպանութեան վտանգի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելու վերաբերեալ,
«Ճանչնալով, որ Ատրպէյճան 1948ի ՄԱԿի ցեղասպանութեան մասին ուխտի անդամ է,
«Ճանչնալով, որ Ատրպէյճան 1949ի Ժընեւի չորս ուխտերու, 1954ի Լա Հէյի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուխտի եւ 2006ի Բռնի անհետացումներու դէմ բոլոր անձերու պաշտպանութեան ուխտի անդամ է,
«Ճանչնալով, որ Ատրպէյճան Խոշտանգումներու դէմ 1984ի ուխտի, ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման 1965ի ուխտի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ միջազգային մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ պայմանագիրներ ստորագրած է,
«Ճանչնալով, որ Հայաստան 1 Փետրուար 2024ին վաւերացուցած է Հռոմի կանոնադրութիւնը` ընդունելով Միջազգային քրէական դատարանի իրաւասութիւնը,
«Հետեւաբար` Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը`
1. Կը յայտարարէ, որ Դեկտեմբեր 2022էն Սեպտեմբեր 2023 Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, ներառեալ Լաչինի միջանցքի փակումը, կ՛որակէ իբրեւ ստեղծում կեանքի այնպիսի պայմաններու, որոնք պիտի յանգեցնեն հայերու ֆիզիքական ոչնչացման կամ տեղւոյն հայերու ֆիզիքական վնասներու, որոնք ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտով կը նկատուին ցեղասպանական ոճիրներ։
2. Կը յայտարարէ, որ Սեպտեմբերէն Հոկտեմբերին 2023 հայերու պարտադիր տեղահանումը՝ արգելափակման եւ ռմբակոծման միջոցով, ցեղային զտում եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է:
3. Կը յայտարարէ, որ խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծումը միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտում է:
4. Կը յայտարարէ, որ հայ պատերազմական գերիներու եւ խաղաղ բնակիչներու խոշտանգումը եւ սպանութիւնը միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտում է:
5. Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիները:
6. Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` կատարելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները:
7. Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` կանխարգիլելու հայերու իրաւունքներու հետագայ խախտումները:
8. Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` կանխարգիլելու հայերու իրենց հայրենիքէն յաւելեալ տեղահանումները եւ յարգելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:
9. Կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:
10. Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը:
11. Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` երաշխաւորելու հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձը:
12. Կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ գործուած յանցագործութիւնները:
13. Խորհուրդ կու տայ կիրարկելու անցումային արդարադատութեան քայլեր, որոնց շարքին` պատժամիջոցներ եւ Միջազգային քրէական դատարանի կողմէ հետաքննութիւն:
14. Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին կոչ կ՛ուղղէ` հետաքննելու յանցագործութիւնները:
15. Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` զօրքերը դուրս բերելու Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը»: