
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց նախարար Էքզաւէի Փեթէլի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանին՝ իբրեւ 10րդ խմբագրութիւն, իրենք ուղարկած են ամբողջութեամբ համաձայնեցուած բովանդակութիւնը, որ, ըստ հայկական կողմին, կարելի է կարճ ժամանակի մը ընթացքին ստորագրել:
Սակայն, նախորդ օրերուն, Պաքու մերժեց խաղաղութեան համաձայնագիրի արդէն համաձայնեցուած յօդուածները ստորագրելու եւ միւսներուն քննարկումը ապագային ձգելու առաջարկը: Բայց, Միրզոյեան ըսաւ, որ Պաքուէն արձագանգի կը սպասեն:
«Դրանք կա՛մ յօդուածներ են, որոնք նախկինում ամբողջապէս են համաձայնեցուել, կա՛մ այլ յօդուածների համաձայնեցուած մասեր: Ըստ էութեան, ստացւում է` տեխնիկապէս եւ փաստացի, ամբողջ տեքստը (բնագիրը) ծայրից ծայր համաձայնեցուած է: Սա է եղել մեր առաջարկը` ստորագրել այն, ինչ որ յաջողուել է այս ընթացքում համաձայնեցնել: Հետեւաբար` տեքստի շուրջ այլեւս անհամաձայնութիւն չունենք», ըսաւ Միրզոյեան՝ շարունակելով. «Այլ բան, գիտէք, որ երբեմն ադրբեջանական կողմը այլ նախապայմաններ է կամ այլ խնդիրներ է փորձում նաեւ ներառել ընդհանուր բանակցային գործընթաց: Մեր մօտեցումը այն է, որ մենք օր առաջ, րոպէ առաջ կարող ենք արդէն համաձայնեցուած տեքստը ստորագրել եւ յետոյ, ի հարկէ, մի պայմանագրով բոլոր հարցերը հնարաւոր չի լինի կարգաւորել, եւ մնացեալը արդէն կը մնայ հետագայ բանակցութիւններին` կողմերի երկուստեք հետաքրքրութեան դէպքում», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով. «Տեխնիկապէս մենք հիմա ունենք 16 յօդուած, որոնցից 13ը ամբողջապէս համաձայնեցուած են, 3ը մասնակի համաձայնեցուած յօդուածներից են: Նախաբանն էլ առանձին կտոր է, ես ենթադրում եմ` վարչապետը դա է նկատի ունեցել»։
ՊԱՔՈՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ՆԵՐԿԱՅ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Պաքու դարձեալ անընդունելի նկատեց ոչ ամբողջութեամբ համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութիւնը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ այս հաստատումը կատարեց՝ արձագանգելով Միրզոյեանի յայտարարութիւններուն:
«Երկու երկիրներուն միջեւ խնդրահարոյց հարցերը պէտք է յստակացուին շարք մը ուղղութիւններով: Համաձայնագիրի նախագիծը ստորագրելու համար, նախ Հայաստան պէտք է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ, որ մեր երկրին նկատմամբ տարածքային պահանջներ ունի», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով, թէ, հակառակ անոր որ Հայաստան տեղեակ է իր գրաւոր եւ ստորագրուած պարտաւորութիւններուն մասին` Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ կապող հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերեալ, վերջին չորս տարիներուն զանոնք չէ կատարած:
Անդրադառնալով երթեւեկի ապաշրջափակման պարագային օտար մասնաւոր ընկերութեան մը ներգրաւման կարելութեան՝ Հաճիզատէ վստահեցուց, որ Ատրպէյճան երբեք այդպիսի հարց չէ քննարկած:
«Եթէ հայկական կողմը իսկապէս շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու բացումով՝ պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները», յայտարարեց Հաճիզատէ։