Դատարանի 11 Սեպտեմբերի որոշումով, Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը դատապարտուեցաւ մէկ տարի ութ ամիս բանտարկութեան: Սակայն, ան բանտ պիտի տեղափոխուի որոշումը ուժի մէջ մտնելէ ետք: Մինչ այդ, Առուշանեանի փաստաբանները վճիռը պիտի բողոքարկեն վերաքննիչ ատեանին մօտ:
Առուշանեանը բանտարկելու միջնորդութիւնը Գորիսի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին ներկայացուցած էր Պրոբացիայի (փորձաշրջանի) ծառայութիւնը` պնդելով, որ եթէ Առուշանեան չհեռանայ քաղաքապետի պաշտօնէն, պէտք է բանտարկուի:
Դատարանը Առուշանեանը 2022ին մեղաւոր նկատեց՝ պաշտօնի իր լիազօրութիւնները չարաշահելու, ինքնիրաւչութեան եւ դիտաւորութեամբ առողջութեան վնաս պատճառելու մէջ։ Վճիռը ուժի մէջ մտաւ այս տարուան Յուլիսին:
Ըստ վճիռին` Առուշանեան հինգ տարի ժամկէտով համայնքապետի պաշտօնը պէտք չէ վարէ: Սակայն, Գորիսի աւագանին վերջերս մերժեց դատարանին վճիռը գործադրել` հիմնաւորելով, որ կառոյցը այդպիսի լիազօրութիւն չունի: Պրոբացիայի ծառայութիւնը իր կարգին դիմեց դատարան` խնդրելով հինգ տարիով պաշտօնը ձգելու պատիժը փոխարինել բանտարկութեամբ: