14 Սեպտեմբերին, ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի (ՄՔԴ) նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներու ՀՅԴի պատգամաւորներ եւ կուսակցական ընկերներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը իրականացնելուն, Արցախի հիմնահարցերու ներկայ փուլը շարունակաբար միջազգայնացնելուն, ինչպէս նաեւ COP29-ին ընդառաջ իրականացուող զանազան աշխատանքները համադրելուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Հանդիպումին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է տեսնել կայքէջին վրայ: