Բացայայտուած է իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութեան գործողութիւն մը։ Լուրը հաղորդագրութեան մը միջոցով փոխանցեց Հայաստանի Քննչական կոմիտէն` տեղեկացնելով, որ քրէական հետապնդում յարուցուած է 7 անձերու նկատմամբ, որոնցմէ 3ը բանտարկուած են, 4ին նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:
Կոմիտէն մանրամասնութիւններ տալով՝ կը յայտնէ, որ Հայաստանի քաղաքացիներ Ս.Գ., Ա.Է., Ա.Հ., Է.Ս., Ա.Ս., ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բնակիչներ Ա.Մ. եւ Ա.Ս., ինքնութիւնները տակաւին չպարզաբանուած այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, 2024ին հաւաքագրած են Հայաստանի շարք մը քաղաքացիներ եւ Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը նախկին բնակիչներ՝ իւրաքանչիւրին ամսական շուրջ 220 հազար ռուսական ռուբլի վճարի դիմաց, զանոնք փոխադրած են Ռուսիա՝ հոն եռամսեայ հաւաքներ կատարելու եւ անոնց ընթացքին նոր ծանր զինատեսակներուն ծանօթանալու, անոնց կիրարկութեան հմտութիւնները ուսանելու, ապա Հայաստան վերադառնալէ ետք՝ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու, ինչպէս նաեւ գիտելիքները այլ անձերու փոխանցելու համար:
«Հաւաքագրուած անձինք տարբեր խմբերով մեկնել են Ռուսաստանի Դոնի Ռոստով քաղաք, ապա փոխադրուել այլ վայր, որտեղ անցել են նախնական ստուգումներ: Նախնական ստուգումից յետոյ նրանք տեղակայուել են «Արբատ» անուանումով ռազմաբազայում, որից յետոյ նրանց հետ անցկացրել են արդէն իրենց յայտնի զինատեսակներով փակ տարածքում` շէնքի ներսում, մարտ վարելու պարապմունքներ: Հաւաքագրուած անձանց յայտնել են, որ վարժանքների նպատակը Հայաստան վերադառնալն ու գործող իշխանութեանը հեռացնելն է` հնչեցնելով այդ կերպ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մաքրելու եւ փրկելու կոչեր», կ՛ըսուի Քննչական կոմիտէի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, որ հաւաքագրուած անձերուն մէկ մասը մերժած է մասնակցիլ վարժանքներուն եւ վերադարձած է Հայաստան: Իսկ յանցաւոր խումբի անդամները յանցագործութիւնը աւարտին չեն հասցուցած իրենց կամքէն անկախ հանգամանքներով` Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ յանցագործութիւնը բացայայտելուն իբրեւ արդիւնք:
Քննչական կոմիտէն կը նշէ, որ ձերբակալուած անձերուն մեղադրանքներ ներկայացուած են, նաեւ դատարանին ներկայացուած են բանտարկութեան մասին միջնորդութիւններ, որոնք բաւարարուած են:
«Ակտիւ (աշխոյժ) միջոցներ են ձեռնարկւում` յանցաւոր խմբին այլ անդամների նոյնականացման ուղղութեամբ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։