
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կողմէ հանրապետութեան գերիշխանութեան սպառնացող վտանգին մասին յայտարարութիւնները ողջախոհութեան կը հակասեն:
Ան ըսաւ, թէ անտրամաբանական է մնալ կառոյցի մը մէջ, որ կը սպառնայ տուեալ երկրին, յատկապէս՝ անոր ազգային ապահովութեան։
«Եթէ մնան, կը նշանակէ, որ ասոր մէջ որոշ նպատակայարմարութիւն կը տեսնեմ։ Նոյն ատեն կ՛ըսէին, որ ՀԱՊԿը «դուրս եկաւ Հայաստանէն»։ Այս բոլորը կը հակասեն ողջամտութեան եւ տրամաբանութեան», յայտարարեց Զախարովա։
Ռուսիոյ Տումանի ԱՊՀի գծով կոմիտէի առաջին փոխղեկավար Կոնսթանթին Զաթուլին եւս մեկնաբանեց Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ՝ ՀԱՊԿը սպшռնալիք է Հայաստանի ապահովութեան, գոյութեան, գերիշխանութեան եւ պետականութեան համար՝ շեշտելով, որ ասիկա «միանշանակ մարտահրաւէր կը կարդայ Ռուսիոյ»։
Ըստ Զաթուլին` Փաշինեան մօտաւորապէս կ՛ըսէ նոյն բանը, զոր ըսած էր տարիներ առաջ, երբ «ոչ ոք զինք լուրջ քաղաքական գործիչ չէր նկատեր»: Ան նշեց, որ «Մոսկուա կը նախընտրէ նոյն եղանակով չպատասխանել Փաշինեանին` քննարկման նշաձողը չիջեցնելու համար»:
«Բայց մենք պէտք է ոչ թէ մեր գլուխները թաղենք աւազին մէջ, այլ հասկնանք, թէ Փաշինեան դէպի ո՛ւր կը տանի Հայաստանը… Ան բացայայտօրէն կը հակադրուի Ռուսիոյ` ձգտելով ընել այնպէս, որ անոր ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ ըլլայ նուազագոյն: Ահա թէ ինչ կ՛ընեն թշնամիները եւ հակառակորդները, յատկապէս այն ժամանակ, երբ մենք ռազմական գործողութիւններ կը կատարենք, կը դիմակայենք Արեւմուտքը եւ այլն… Պէտք է ներքին եզրակացութիւններ ընել Փաշինեանի կառավարութեան եւ անոր բնոյթին մասին», շեշտեց Զաթուլին։