Ականաւոր գիտնական, գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէյեան կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւս բոլոր հայ գերիները ազատ արձակելու:
«Էքս»ի իր էջին վրայ ան գրած է, որ լրացաւ մէկ տարին, երբ իր ընկերը եւ գործընկերը՝ Ռուբէն Վարդանեան, բռնի եւ ապօրինի կերպով ձերբակալուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ։ Բազմաթիւ այլ հայերու հետ ան կը շարունակէ ապօրինաբար պահուիլ Պաքուի մէջ, ուր բացայայտօրէն կը խախտին անոնց հիմնարար իրաւունքները:
«Աշխարհը պէտք չէ անարդարութիւնը տեսնէ ու ոչինչ ընէ: Ժամանակն է գործելու, յատկապէս երբ Ատրպէյճան կը պատրաստուի ընդունելու COP29-ը` ծաղրելով զայն, ինչ որ պէտք է առանցքային կլիմայական իրադարձութիւն ըլլայ աշխարհին համար, որ մարդու իրաւունքները կը նկատէ իր օրակարգին առանցքը: Ես կոչ կ՛ուղղեմ Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ Ռուբէնը եւ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող բոլոր հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակելու», գրած է Աֆէյեան:
Ռուբէն Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեան եւս յայտարարութիւն մը կատարելով՝ գրած է հետեւեալը. «Այսօր լրանում է մէկ տարին`ինչ Ադրբեջանի իշխանութիւնները կամայականօրէն կալանաւորեցին յայտնի գործարար եւ մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանին: Նրա ձերբակալութեանը յաջորդեցին արցախցի միւս գործիչների` Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, նախկին արտգործնախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի, հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի ձերբակալութիւնները:
Հօրս կամայական ազատազրկումը`առանց որեւէ ապացոյցի կամ արդար դատաքննութեան, միջազգային բոլոր նորմերի (չափանիշներու) եւ օրէնքների բացայայտ խախտում է։ Մենք կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանն ակտիւացնել (աշխուժացնել) ջանքերը` ապահովելու նրա անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը` Ադրբեջանում անօրինաբար կալանաւորուած միւս հայ ղեկավարների հետ միասին»:
«Մէկ տարի բանտարկուած պահելը առանց դատավարութեան կամ յստակ ապացոյցներու` կը վկայէ այս գործի քաղաքական բնոյթին մասին», նկատել տուաւ Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւապաշտպան Ճերըտ Կենսըր՝ աւելցնելով. «Ատրպէյճան պէտք է յարգէ Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ անյապաղ ազատ արձակէ Ռուբէն Վարդանեանը»: