Գիտակցելով Համազգայինի այս ափերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, նախանձախնդիր հայորդիներ կը շարունակեն իրենց նուիրատուութիւնները կատարել՝ քաջալեր հանդիսանալով մշակութային ծառայողական գործին եւ մասնակցելով Համազգայինի կեդրոնի գնման ընդհանրական ճիգին:
Այսօր հրճուանքով կը տեղեկացնենք, թէ ազնիւ հայորդի մը, որուն անունը կը մնայ լուսարձակներէ հեռու, հաւատարիմ իր մշակութասէր նկարագիրին եւ հայութեամբ տրոփող սիրտին՝ անտարբեր չմնաց մեր կազմակերպութեան երդիք մը ապահովելու ծրագիրին եւ իբրեւ անանուն բարերար 50,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութեամբ՝ կարեւոր ներդրում մը կը բերէ Համազգայինի սեփական կեդրոնի գնման ծրագիրին:
Շրջանային վարչութիւնը յատուկ յարգանքով, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, «շնորհակալութիւն» կ՛ըսէ եւ իր սիրտի անկեղծ զգացումները կը յայտնէ բարերարին՝ իր զօրակցութեան համար, որ մեծ օգուտ պիտի բերէ մեր ժողովուրդի ազգային եւ մշակութային կարիքներուն:
Այս ազնիւ արարքը մեծապէս ողջունելի եւ գնահատելի է ու Համազգայինի հանդէպ անոր տածած սիրոյն եւ այլոց օրինակ դառնալու փաստ մըն է, որ լաւագոյն ձեւով իր արտայայտութիւնը կը գտնէ այսօր, արժանանալով երախտագիտութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ