Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերու գծով օգնական Տաֆնա Ռենտը՝ Վարշաւայի ժողովին կատարած յայտարարութեան համար եւ «զարմանալի» որակեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներուն մասին անոր անդրադարձը:
«Հետաքրքրական է, որ հակառակ Հայաստանի կողմէ ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման ընթացքին մարդկութեան դէմ կատարուած լայնածաւալ յանցագործութիւններուն եւ ատրպէյճանցիներու ջարդերուն, ամերիկեան կողմը միայն հիմա կ՛անդրադառնայ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու վերացման կարեւորութեան», ըսաւ Հաճիզատէ` շեշտելով, որ «Միացեալ Նահանգները շուրջ 30 տարի անտեսած է Հայաստանի այս յանցագործութիւնները»:
«Եթէ ամերիկեան կողմը կը փափաքի անաչառութիւն եւ արդար դիրքորոշում ցուցաբերել, նախ պէտք է պահանջէ հետաքննել Հայաստանի կողմէ կատարուած բազմաթիւ յանցագործութիւններ, որպէսզի մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին: Հակառակ պարագային, ասիկա տարբեր բան չէ, քան հայկական քարոզչութեան ազդեցութեան տակ կատարուած միակողմանի յայտարարութիւն», ըսաւ Հաճիզատէ:
Ռենտ իր խօսքին մէջ, անդրադառնալով Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն՝ մասնաւորաբար շեշտած էր հետեւեալը. «Մենք կը շարունակենք աշխատիլ ԵԱՀԿին հետ եւ միջազգային այլ ջանքեր կը տանինք` լուծելու միջազգային իրաւունքի հարցերը, որոնք կը ծագին տարածաշրջանին մէջ: Մենք կը շարունակենք դիտարկել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ենթադրեալ խախտումները նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»: