ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) 50րդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 3էն 6 Հոկտեմբերի շաբաթավերջը, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ 12 ուխտերէ ժամանած պատգամաւորներու:
Ներկայ էին նաեւ շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի, ՀԵԴ Պատանեկանի, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀԵԴ Ճամբարի վարչութեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Գանատայի ՀԵԴներու Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ։
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի նախորդ Կեդրոնական վարչութեան եւ տեղական ուխտերու գործունէութեան, հայութիւնը եւ ՀԵԴի ուխտերը յուզող շարք մը հարցերու մանրամասն քննարկումէն ետք պատրաստուեցաւ 2024-25 տարեշրջանի գործունէութեան ծրագիր մը, նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Սփիւռքի կենսական կարիքները եւ հայրենիքի հետ կապերու սերտացումը: Յոյժ կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին կարիքներուն հասնիլը եւ որոշուեցաւ նորարարական միջոցներով զայն հզօրացնելու ջանքեր տանիլ։
Ժողովը շեշտեց, թէ հաւատարիմ կը մնայ իր հիմնական արժէքներուն, կենսական նկատելով ՀԵԴի դերակատարութիւնը հայութեան քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ։
Աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 7 հոգինոց նոր Կեդրոնական վարչութիւն մը, որուն անդամներն են՝ Յակոբ Հաճիբեկեան, Անի Ղազարեան, Կրեկ Պալալեան, Հրակ Մենաշեան, Շանթ Ադամեան, Դալար Անտոնեան եւ Յովիկ Օհանեան։
1933ին հիմնուած Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը ամերիկահայ մեծագոյն եւ ամէնէն ազդեցիկ երիտասարդական միութիւնն է, որ նուիրուած է հայ երիտասարդին ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կարիքները հոգալու գործին: