Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստան «կը շարունակէ մերժել ականապատ տարածքներու քարտէսները տրամադրել», ինչ որ կը հակասէ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։
Ըստ նոյն նախարարութեան՝ «2020էն մինչեւ այսօր, Հայաստանի կողմէ ականապատուած տարածքներուն մէջ ականներու պայթումներէն 381 անձեր վիրաւորուած են»:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Յունուարին տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի Ատրպէյճանին յանձնելու ականապատ դաշտերու քարտէսներու նոր յայտանբերուած ութ տեղեկամատեաններ:
Սակայն Ատրպէյճան կ՛ակնկալէ, որ Հայաստան բոլոր ականապատ տարածքներու յստակ քարտէսները ներկայացնէ ՝ պնդելով, որ Երեւանի փոխանցած քարտէսներուն ճշգրտութիւնը միայն 25 տոկոս է: