Քազանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին հետ:
Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնեց Իրանի հետ յարաբերութիւններուն ուժեղ բնոյթէն եւ ընդգծեց, որ նախագահ Փեզեշքեանի՝ իր պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր, այդ ուժեղութիւնը ոչ միայն կը պահպանուի, այլ նաեւ կը զարգանայ: Փաշինեան ընդգծեց, որ Իրանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է:
Փեզեշքեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի հետ գործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ ընդլայնումը, որուն կարգին՝ տնտեսութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: Ան ընդգծեց, որ իր երկրի առաջնահերթութիւնն է՝ զարգացնել յարաբերութիւնները դրացի եւ բարեկամ պետութիւններուն հետ՝ աւելցնելով, որ Հայաստան այդ երկիրներէն մէկն է:
Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր: Յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ տնտեսութեան, ուժանիւթի եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերու:
Միտքեր փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ: Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը։
Փաշինեան եւ Փեզեշքեան յայտնեցին, թէ իրենք համոզուած են, որ երկկողմ ամուր եւ խոր յարաբերութիւնները պիտի նպաստեն տարածաշրջանային գործակցութեան զարգացման: