Իսրայէլի Նախարարաց խորհուրդը Երեքշաբթի գիշեր յայտարարեց, որ համաձայն է Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան
«Նախարարաց սեղմ խորհուրդը համաձայն գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման, եւ մենք ուժգին պիտի հակադարձենք «Հըզպալլա»ի կողմէ որեւէ խախտումի, համաձայնութիւնը պիտի գործադրենք եւ հիւսիսի բնակիչները իրենց տուները պիտի վերադարձնենք: Լիբանանի մէջ զինուորական գործունէութեան ազատութիւնը բոլորովին պիտի պահպանենք, եթէ «Հըզպալլա»ն որոշեց գործել», Նախարարաց սեղմ խորհուրդի նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու՝ աւելցնելով. «Այս գիշեր Լիբանանի հետ զինադադարի նախաձեռնութիւնը պիտի ներկայացնենք: Զինադադարի հաստատման մէկ այլ պատճառ է ճակատները իրարմէ անջատելը եւ «Համաս»ը բոլորովին պատկերէն դուրս բերելը»: