Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ ծուխին, Կիրակի, 24 Նոյեմբերին։ Սրբազանը պատարագեց եւ օրուան հոգեւոր պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն:
Պատարագին ընթացքին, սրբազանը 12 երիտասարդներ եւ պատանիներ ձեռնադրեց եւ անոնց տուաւ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան տարբեր աստիճաններ՝ սարկաւագութիւն, կիսասարկաւագութիւն, ուրարակրութիւն եւ դպրութիւն:
Եկեղեցւոյ ծխական հովիւ Եսայի քահանայ Պետրոս թեկնածուները հանդիսաւոր կերպով ներկայացուց առաջնորդին՝ հաստատելով անոնց սրբազան պաշտօններու կանչուելու արժանաւորութիւնը։
Բացառիկ գեղեցիկ եւ ներշնչող են Հայ եկեղեցւոյ ձեռնադրութիւններու արարողութիւնները, որոնց արմատները կ՛երթան եկեղեցւոյ քրիստոնէական հաւատքի ակունքները:
Սարկաւագները, կիսասարկաւագը, ուրարակիրները եւ դպիրները պարտականութիւն ստանձնեցին՝ ծառայելու խորանին եւ օժանդակելու քահանային ծիսական արարողութիւններու ընթացքին։
Նոր ձեռնադրուածներուն իր խօսքը ուղղելով՝ Յովնան սրբազանը պատգամեց՝ ըսելով. «Հոգեպէս նորոգուեցէք Սուրբ Հոգիով, զօրացէք ձեր հաւատքին մէջ, հաստատուն մնացէք Տիրոջ եւ Սուրբ եկեղեցւոյ ծառայելուն մէջ, եւ ձեր համայնքին սիրով եւ նուիրումով ծառայեցէք»։
Ներշնչող եւ հանդիսաւոր արարողութիւնը յուզեց ծնողները եւ ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաեւ բոլոր բարեպաշտ ներկայ ժողովուրդը, որ ծափերով եւ ուրախութեամբ նշեց այս յատուկ եւ անմոռանալի օրը, որ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Արեւմտեան թեմը կը շնորհաւորէ եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւն կը մաղթէ նոր ձեռնադրուած սարկաւագներ Արի Ատամսին եւ Հայկ Պոյաճեանին. կիսասարկաւագ՝ Գեղարդ Պետրոսին, ուրարակիրներ Ալէն Աղագանեանին, Նազար Իսքէնեանին, Գագիկ Խաչատուրեանին եւ Կարօ Թադեւոսեանին, ինչպէս նաեւ դպիրներ Օհաննէս Պայրագդարեանին, Շանթ Պայրագդարեանին, Հայկ Պայրագդարեանին, Սարգիս Պայրագդարեանին եւ Արի Գրաճեանին։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ