
Հրատարակուելիք նոր թերթի անուն մը որոշելը բաւական դժուար էր։
Շատ անուններ կային՝ Արեւմուտք, Արեւ, Ասպարէզ, Ժայռ, Ազդակ, Արգոս, Շեփոր եւ այլն։ Ամէն ընկեր այս անուններէն մէկը կամ միւսը կը ջատագովէր։ Վերջապէս, այս անունները զատ զատ թուղթերու վրայ գրուեցան, վիճակահանութեան դրուեցան, եւ «Ասպարէզ» անունը դուրս եկաւ՝ տիկին Բրաբիոն Յակոբեանի ձեռքով։ Մինչեւ իսկ կանոնագրութեան գրելու ատեն, այս անուններէն ո՛չ մէկը յայտնի չէր, եւ թերթը «Արեւմուտք» անունով գրուեցաւ ու յետոյ միայն փոխուեցաւ «Ասպարէզ»ի։
*Քաղուած «Ասպարէզ»ի տասնամեակին նուիրուած ժողովածուէն, 1918, Ֆրեզնօ: