2007 տարին ալ անցաւ: Ու հիմա ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօ՞ք քաջութիւնը ունիմ վերարժեւորելու զայն եւ անոր հետ նաեւ անձս… ինքնութիւնս:
Բայց… տարեվերջ է, կը կրկնեմ ու բոլոր միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կամ մեծ ու փոքր առեւտրական հաստատութիւններու նման կը փորձեմ կեդրոնանալ ու վերատեսութեան ենթարկել անցնող տարիս:
Կը փորձեմ վերանայիլ կատարած լաւ կամ գէշ արարքներս, անցնող երեք հարիւր յիսունէ աւելի ապրուած օրերուս մէջ տեղ գտած երեւոյթներէն ծնունդ առած խոցելի եւ գնահատելի կէտերը:
Նախ, մտովի եւ մեծ յոյսով ու հաւատքով կ’աղօթեմ, որ 2008 նոր տարին հինէն աւելի բախտաւոր տարի մը ըլլայ. հաստատապէս բոլորիս համար: Մէկ խօսքով, ուրիշ տարի մը ըլլայ, ուր կարելի ըլլայ առաւել իրականացնել բոլոր իղձերն ու փափաքները:
Արդէն երեւակայութիւնս սկսած է զիս հալածել:
Արդէն սկսած եմ փնտռել ինծի սահմանուած աշխարհին մէջ թաքնուած տառապանքն ու հրաշքը:
Զգացած եմ, որ շատ յաճախ այս երկուքը զիս յարատեւօրէն հալածած են:
Ի՞նչ կրնամ ընել: Այս ալ մարդոց ճակատագրին մաս կը կազմէ:
Կը վերյիշեմ.-
Անցնող տարին անժամանակ ու անակնկալ կորսնցուցած էի մեծ եղբայրս: Երկրորդ թոռնիկ մը ունենալու բախտին չէի արժանացած՝ դժբախտաբար:
Այս մեծ ցաւին իբրեւ մխիթարանք՝ Վանա թոռնուհիիս առաջին քայլերուն հետեւած էի ագահօրէն եւ անոր արտասանած անհասկնալի բառերով հոգիս ուրախութեամբ մը հրդեհուած էր:
Աւելին՝ գրած հատորներէս վերջինին գինեձօնին համար ծննդավայրս՝ Հալէպ այցելած էի…:
Թերեւս մարդիկ ըսեն.- Է՜հ, ասկէ աւելին, տակաւին ինչե՜ր կ’ուզէիր…:
Սակայն. ամէն մարդ պատմութիւն մըն է: Նոյնիսկ վէպ:
***
Տարիները կ’անցնին հիներու նման ու կը մոռցուին, կը համոզեմ ինքզինքս:
Ու միշտ տարեվերջի այս օրերուն, երբ կը սկսիմ ինքզինքս փնտռել, յանկարծ կը վերյիշեմ մօրս խօսքերը, թէ կեանքը շատ բարդ է, իսկ մարդիկ երբեմն կը վերաբերին թեթեւամտօրէն, անոր համար երբեմն չարն ու բարին իրար կը խառնեն:
Փորձառութիւնը ինծի սորվեցուցած է, թէ կեանքը բարի դէմքի մը վրայ քեզի քաղցր ժպտացող աչքերն են, բայց անոնց խորքին մէջ, միայն Աստուած գիտէ, թէ որքան չարութեան եւ նախանձի փոթորիկներ թաքնուած են:
Ինծի համար այս մէկը արդէն իսկ գրականութիւն է: Այս մէկուն ճիշդ հակառակն ալ նոյնպէս գրականութիւն է:
Տարբեր հարց. կը կրկնեմ:
***
Հաստատ գիտեմ, որ որքան խորանանք կեանքին մէջ, այնքան շօշափելի կերպով կը զգանք ամէն բան:
Իրականութիւն է, որ զանազան տխուր եւ ուրախ դէպքեր մեզի իբրեւ իրականութիւն հրամցնելով, արդէն ակօսած են մեր բոլորին օրերը:
Ուստի, ուզենք կամ չուզենք, պէտք է ընդունինք, որ մեր ապրած կեանքը մե՛ր որոշման հայելին է եւ մե՛ր ընտրութեան գումարը: Օրինակները շատ աւելի են, քան պատճառները:
Կաղանդը հասած է իր նոր անակնկալներով եւ յոյսի տօնի իր տարբեր ծիծաղովը:
Ուրախութեամբ սկսող եւ միաժամանակ ուրախութեամբ աւարտող այս տօնը երբեմն ճիշդ հակառակը՝ խանդավառութիւն պատճառելու փոխարէն, լարուած վիճակ եւ անհաճոյ կացութիւն կը յառաջացնէ:
Գիտեմ, որ շատեր, ինծի նման, նոր տարուան շեմին պիտի փորձեն հինցած տարուան ընթացքին իրենց ձեռք ձգածը, իբրեւ դրական բաժին, ամփոփել եւ կամ ալ արդուկը անցած ու ճմռթկուած հարցերուն պատճառները որոնել ու յանցաւորներ փնտռել: Բայց…:
Այս վայրկեանին ինծի համար էականը այն է, թէ արդեօ՞ք որքանով կրցած եմ մեր տան ճաշասեղանին վրայ հանապազօր պատառ մը հացը ապահովել եւ կամ որքանո՞վ կրցած եմ իբրեւ հայր, օգտակար դառնալ ընտանիքիս եւ զաւակներուս ու մանաւանդ հասնիլ անոնց բոլոր կարիքներուն:
Միւս կողմէ, միութենական կեանքիս մէջ արդեօք որքանո՞վ գործնական ներկայութիւն եղած եմ անոր ծրագրումներու իրականացման աշխատանքներուն, կամ որքանո՞վ օժանդակած եմ ապրած գաղութիս, հայրենիքիս եւ կամ ազգիս զանազան հարցերու լուծման եւ կամ ի՞նչ եղած են այս առթիւ իմ աջակցութեանս չափանիշները:
Եւ տակաւին՝ քանի՞ հատոր հայերէն կամ օտար լեզուով գիրքեր կարդացած եմ, հայկական ձեռնարկներու ներկայ եղած եմ եւ կամ քանի՞ էջ կրցած եմ տրամադրել յուշերուս:
Բայց յանկարծ կ’անդրադառնամ.-
Որո՞ւ հոգն է, թէ անցնող տարին ես ինչե՜ր ըրած, կամ ի՜նչ ծրագիրներ իրականացուցած եմ:
Ըսէ՛ք. արդեօ՞ք այս մէկը զուտ անձնական հարց մը չէ: Ուստի, որո՞ւ հոգը:
***
Սակայն, կեանքը միայն անձնական ապրումներու գումարը չէ, սորվեցուցած են մեր ծնողները, մեր ղեկավարներն ու մեր վարժարանները: Շրջանակ կայ: Կայ նաեւ ապրած գաղութդ: Կան Սփիւռք եւ անկախ հայրենիք: Չես կրնար ասոնցմէ անջատուիլ:
Ամանորի խորհուրդէն թելադրուած, օրուան հեւքին հետ այսպէս անկիւն մը նստած, սկսած եմ արդէն կեանքի ու անոր հետ միաձուլուած ճակատագրին հիւսած խաղերը մտածումի փոթորիկներով վերապրեցնել: Բառերս արդէն սկսած են ուռիլ:
Ուրկէ՞ սկսիմ: Շուարած եմ: Թերեւս մարդոց նկարագրէն… հասնելու համար միւսներուն:
Անոր համար հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս մարդիկ հանգիստ խղճով կրնան ապրիլ, երբ ատելութիւնը բոյն դրած է իրենց մէջ եւ երբ մարդկային յայտնի արժանիքներէն արդէն իսկ պարպուած են եւ երբ բացակայած է տարրական յարգանքը եւ երբ մեծամտութիւն ու գոռոզութիւն բնակութիւն հաստատած են իրենց առօրեայէն ներս:
Կը զարմանամ: Սակայն որո՞ւ հոգը. շարունակ կը կրկնեմ: Կ’անցնիմ էականին:
Հայերէն լեզուին, մշակոյթին, պատմութեան եւ գիրքին:
Գիրք ըսի: Գիրք կարդալու եւ կամ ընթերցողի բացակայութիւնը կը վիրաւորէ զիս: Իրականութիւն է, որ գիրքին ուժն ու արժէքը գիտցողներն ու անոր ներգործութեան հաւատացողները միայն կը փնտռեն գիրքը:
Միւս կողմէ, թէեւ գրողներ կը շարունակեն ստեղծագործել, նոր թարմութիւն ներմուծել գրական ու մշակութային մարզին մէջ, սակայն այս մէկը բաւարար չէ:
Այս բոլոր պատկերներուն կենդանի վկաներն ենք մեր օրերուն:
Կը հաւատամ նաեւ, որ եթէ գրողին, հայ գրող անհատին մօտ ստեղծագործութեան թափը կասի, այն ատեն կը սկսի ճահճացումը մեր մշակոյթին:
Այն ժամանակ կրկին կը սկսի նահանջը… ամէն բանի:
Իբրեւ սփիւռքահայ, նաեւ կ’ուզեմ հաստատել, թէ ինծի համար էական է, որ այս նոր տարուան՝ 2008ի ընթացքին, երբ հայրենիքէն ներս նախագահական ընտրութիւններու բաժինը պիտի բացուի մեր առջեւ, Հայաստանը չկորսնցնէ իր հայկական նկարագիրը՝ հաւատքը, մշակոյթը, լեզուն։
Ասով հանդերձ, երկիրը երկիր է, հայրենիքը հայրենիք է, բայց իւրաքանչիւրս իր սրտի ու հոգիի հայրենիքը պէտք է, որ ունենայ ու զայն ամրօրէն պահէ:
Կ՚ապրինք խառն ժամանակներու մէջ, որոնց դրական եւ բացասական անդրադարձներէն անմասն չենք կրնար մնալ։
***
Սփիւռքը հաստատապէս տակաւին շատ ընելիքներ ունի, կը մտածեմ:
Սփիւռքահայը կ՚ապրի նաեւ իր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարցը. կը հաստատեմ։
Եւ իրողութիւն է, որ մենք՝ հայրենիքէն դուրս ապրողներս, կամ մէկ խօսքով, հայրենազուրկ զանգուածներս, նուազ հայ պիտի ըլլայինք կամ իբրեւ հայ պիտի չգոյատեւէինք այսօր, եթէ չունենայինք ապաւէնը հայ գիրին, լեզուին, երգին եւ վերջապէս հայ մշակոյթին:
Այս մէկուն ծանրութիւնը պէտք է զգանք ամէն օր:
Որովհետեւ, այս օրերուն բացի անտարբերութենէ, ամէն բանի կարիքը ունինք:
Որովհետեւ, մեր բոլորին համար ազգը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր մայրենի լեզուն, որուն մէջ պահուած են մեր պատմութիւնը, աւանդութիւնները, մեր ժողովուրդի ցաւերն ու ուրախութիւնները, երազանքն ու յոյսերը:
Յաճախ կը պարծենանք, թէ մենք մարդկութիւնը հարստացնող ազգ մըն ենք եղած: Սակայն կը մոռնանք անոր շարունակականութեան մեր ճիգը մատուցել ու դրական եւ գործնական ձեւով մասնակցիլ ազգի այսօրուան երթին։
Ընդհանրապէս լաւատես եմ եւ վստահ եմ, որ ուշ կամ կանուխ մեր ժողովուրդը կը դառնայ դէպի իր մշակոյթը: Կը հաւատամ, նաեւ, որ մեր երիտասարդութիւնը կը զգայ այդ մէկը եւ կը կառուցէ իր նորն ու գեղեցիկը առանց խանգարելու հինը եւ աղաւաղելու զայն:
Երկրի ու ծննդավայրի, մայրենի լեզուի հանդէպ սէրը ոչ թէ սոսկ հայրենասիրութիւն է, այլեւ՝ ազգային արժանապատուութեան զգացում։
Այժմ միտքս է, որ սկսած է իր լայնատարած հերկին:
Մեր դրացիէն մեզմէ խլուած հողերը կը պահանջենք ամէն օր եւ ամէն առիթներով: Բայց արդեօ՞ք կրցած ենք մեր նոր վերանկախացած հայրենիքը դասաւորել, երբ արտագաղթը եւ ուրիշ յոռի բազմատեսակ ու բազմաշերտ բարքեր կը շարունակուին ամէն վայրկեան:
Միւս կողմէ, իբրեւ հայ անհատ, տակաւին չեմ կրցած ճակատաբացօրէն զաւակներուս ըսել, թէ ես ալ, մենք ալ, Սփիւռքի կամ հայրենիքի տարածքին ապրողներս ալ՝ Հայաստանի քաղաքացի ենք:
Աշխարհի վրայ ապրող իւրաքանչիւր ազգ իր ինքնութիւնը ունի եւ զայն պահելու իրաւունքը ու պարտաւորութիւնը ունի:
Ահա սեփական արժանապատուութիւնս:
Հարց է. թէ ինչպէ՞ս պէտք է շատերու մօտ վերագտնել զայն:
Հաւանաբար մեղադրուիմ իբրեւ հակազգային քարոզչութիւն կատարող անձնաւորութիւն մը:
Որո՞ւ հոգը: Անձնականը էական չէ:
Կ’ուզեմ միշտ կրկնել, որ Սփիւռքը դեռ պիտի տոկայ, կամ կրնայ տոկալ, եթէ մենք գիտնանք մեր մասնակցութեամբ ու մեր ճիգերով զայն պահել:
Միւս կողմէ սակայն այլեւս հարցական պէտք չէ ըլլայ, թէ Հայաստանը հայերո՞ւն համար է, թէ ոչ՝ հայերը Հայաստանի համար:
Որովհետեւ այսօր այս մտքի շարունակութիւնը մեզմէ կախեալ է:
Բայց ինչ ալ ըլլան մտածումներս ու անոնց սահմանները՝ լաւագոյնն ու բարին կը մաղթեմ բոլորին: