Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս այս հաստատումը կատարած է Նոր տարուան ու Սուրբ Ծնունդի առիթով արտասանած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
Ան ամփոփած է 2024ի ձեռքբերումները եւ կեդրոնացած այն ոլորտներուն վրայ, ուր կ՛իրականացուի Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութիւնը:
Մարկարոս յիշեցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը 70 միլիոն եւրօ աջակցութիւն տրամադրած է Արցախէն տեղահանուած գաղթականներուն:
«Մենք գործարկեցինք Հայաստանի համար խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը եւ շարունակեցինք աջակցիլ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան:
«Վիզայի դրութեան ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկսած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան հետ. ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կարելիութիւն պիտի տայ ճամբորդել առանց վիզաներու, երբ երաշխաւորուին շարժունակութեան եւ ապահովութեան համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները», նշած է դեսպանը: