Սուրիոյ մէջ, Պաշար Ասատի վարչակարգին տապալումէն ետք կատարուած են փոփոխութիւններ շարք մը բնագաւառներու մէջ. անմասն չէ մնացած նաեւ կրթական համակարգը։ Սուրիոյ կրթութեան նախարար Նազիր Քատիրի ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը կը հաղորդէ, թէ երկրին դպրոցներու ուսումնական ծրագիրը փոփոխութիւններ կրած է։
Ան կը յայտնէ, որ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ նախապէս գործածուող «Օսմանեան բռնագրաւում» եզրը փոխարինուած է «Օսմանեան իշխանութիւն» ձեւակերպումով։
Ըստ թրքական turkiyegazetesi.com.tr -ին՝ Սուրիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ այսպէսով կը սրբագրուի «Օսմանեան կայսրութեան մասին ամօթը»: