7 Յունուարին` Սուրբ Ծննդեան տօնին յաջորդող մեռելոց յիշատակութեան օրը, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եպիսկոպոսաց եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններուն ուղեկցութեամբ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը` յարգանքի տուրք մատուցելու համար յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը ընծայաբերած քաջորդիներու յիշատակին եւ աղօթելու համար անոնց հոգիներու հանգստութեան ու խաղաղութեան համար, յայտնեցին Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգը:
