«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ես հիմնադրեցինք Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովը` երկու երկիրներու շահերէն մեկնելով համագործակցութիւնը զարգացնելու նպատակով: Մեր ամուր գործընկերութեան միջոցով է, որ մենք կրնանք օգնել՝ կառուցել կայուն տարածաշրջանային ապահովութիւն եւ բարգաւաճում», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
Յիշեցնենք, որ 14 Յունուարին, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր եւս անդրադարձաւ վերոնշեալ կանոնադրութեան ստորագրութեան եւ ընդգծեց, որ ասիկա նոր փուլ է Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան զարգացող յարաբերութիւններուն մէջ: «Կանոնադրութիւնը նոր ուղիներ կը սահմանէ երկկողմ համագործակցութեան համար, ներառեալ՝ տնտեսական համագործակցութիւն, ապահովութիւն եւ պաշտպանութիւն, ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ ներառականութեան ամրապնդում, միջանձնական փոխանակումներու յաւելում: Պլինքըն եւ Միրզոյեան նաեւ յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստան բանակցութիւններու պիտի սկսին Հայաստանի աթոմային ելեկտրականութեան ոլորտին աջակցելու համաձայնագիրին շուրջ, եւ որ Հայաստան մտադիր է միանալու «Իսլամական պետութեան» յաղթելու համաշխարհային համախոհութեան», ըսաւ Միլըր։
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի Ազգային ժողովի յանձնաժողովը համաձայնութիւն տուաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների կառավարութեան միջեւ իրենց մաքսային մարմինների փոխադարձ օգնութեան վերաբերեալ» համաձայնագիրին: Օրէնքի նախագիծը յանձնաժողովի նիստին ներկայացուց Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխնախագահ Ռաֆայէլ Գէորգեան: Ան յիշեցուց, որ անցեալ տարուան 11 Յունիսին Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կնքեցին համապատասխան պայմանագիր մը, որուն միջոցով մաքսային մարմինները տեղեկատուութեան փոխանակման որոշ դրութիւն կ՛ունենան:
«Սա կարեւոր ձեռքբերում է թափանցիկութեան խթանման եւ տեղեկատուութեան փոխանակման ոլորտում: Սրանով չի սահմանափակւում ՀՀի մաքսային ծառայութեան եւ ԱՄՆի մաքսային ծառայութեան եւ այլ գերատեսչութիւնների համագործակցութիւնը: Տուեալների փոխանակումից բացի ԱՄՆ կառավարութեան հետ նաեւ մեծ վերազինման նախագծեր ունենք: Այդ բոլոր գործընթացները պատշաճ կերպով առաջ են գնում», ըսաւ Գէորգեան, որ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ այս տարի սահմանային որոշ անցման կէտերուն մէջ էական բարելաւումներ կ՛արձանագրուին` նաեւ օգտագործելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տրամադրած աջակցութիւնը: