ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Հայրենասիրութիւն:
Ազգապահպանում:
Մշակոյթ եւ աւանդոյթ, վերակենսաւորում եւ մասամբ նորին:

Ամենուրէք անհատական մօտեցումներ կան ու կը շարունակուին ըլլալ բազմազան գաղափարներու եւ տեսակէտներու շուրջ, սակայն ազգային, մշակութային արժէքներու հանդէպ մեր մօտեցումները անխախտելի պէտք է ըլլան ու մնան, որովհետեւ ազգի մը մշակոյթն ու պատմութիւնը, ներկան ու ապագան, լոկ անհատի մը կամքէն կախեալ պէտք չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որքան որ այդ անհատը ինքնակոչ՝ «իրաւասութեան անսահման դաշտ» ունեցած ըլլայ, այլ ընդհակառակը, ընդհանրական ազգի մը դիմագիծը պահպանելու եւ կամ տարանջատելու եւ կամ սերունդներու ճակատագիրը վերակենսաւորելու եւ կամ կորուստի մատնելու հետ առընչուած է այս մէկը:
Քաջ հաւատացած ենք, որ հայրենիքի մէջ, ազգային կամ մշակութային ո՛չ մէկ արժէք կորուստի մատնուած կրնայ կամ պէ՛տք է ըլլալ, այլ հայրենիքէն դուրս հաւանական է, որ կրնայ վտանգուած ըլլալ..: Սակայն, սփիւռքահայու ազնիւ հպարտութեամբ եւ ինքնավստահ քաջութեամբ կը հաստատեմ, որ դար մը ամբողջ եւ աւելի, մեր ժողովուրդը, ապրելով ու արարելով, հեռու իր հայրենիքէն եւ տարածուած ու տարանջատուած իր հայկական Սփիւռքով, հաւատարմօրէն, ո՛չ միայն տէր կանգնեցաւ իր աւանդին, այլեւ արդարօրէն պատմամշակութային աւանդական իր ժառանգը ամէնուրեք փոխանցեց՝ յաջորդող սերունդներով եւ պարտադրուած ամէն պարագաներով..:
Այո՛, քաջ կը գիտակցինք, որ տէր կանգնիլ չի նշանակեր միայն պահպանել եւ կամ պաշտպանել, այլեւ փոխանցել եւ ի հարկին չնչին բարեփոխութեանց ենթարկել տուեալ սովորոյթները՝ ժամանակին համընկնող պատշաճ պայմաններով:
Մեր լեզուն եւ կրօնքը կը սերմանեն ու կը զօրացնեն մեր ազգային պատկանելութեան հիմքն ու ծաղկումը, արդար ու ազնիւ սերնդափոխութեամբ, սակայն ազգային մշակոյթն ու աւանդոյթներն են, որոնք կ՛ամրապնդեն մեր հաւատքն ու կամքը, պահպանելու սերմանուած տուեալ ազգային ու աւանդական սերմերով:
Մեր մեծերէն յաճախ լսած ենք, թէ «ընտանեկան աւանդութիւնները պահպանելն ու ժամանակի թաւալումին հետ իսկ զանոնք կիրառելը՝ օրհնութիւնն է անցեալէն հասած»: Առ այդ, յառաջացած սերնդափոխութեան հետ, ազգային մեր աւանդութիւնները պահպանելն ու զանոնք կիրառելը յարատեւ, առաւել ազգային օրհնութիւն է, երբ անով կ՛իրականանայ համայն ազգի մը զաւակներու պահպանումն ու հարազատ գոյատեւումը:
Այսօր, համայն աշխարհն ու աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ անոր հետ աճող ու տարածուող համաշխարհային մշակոյթը յարատեւ արագընթաց փոփոխութեան մէջ են, եւ երբեմն մինչեւ իսկ մշակոյթներու «մահը» կը գովերգուի, համաշխարհայնացման ծանօթ օրէնքներով հիմնաւորուած ու տարածուած…սակայն դարաւոր ազգի մը պահպանումը կ՛իրականանայ ազգային եւ կրօնական իր հաւատալիքներու եւ աւանդոյթներու պահպանումով, որոնք ծնած ու սնած ազգէն եւ փոխանցուած սերունդէ սերունդ:
Վերջապէս կը հաւատանք, որ Հայ ազգը կ՛ապրի եւ կը գոյատեւէ դարաւոր եւ հարուստ իր անցեալով, վերանորոգ իր ներկայով ու գալիք յուսալի իր պայծառ ապագայով, երբ հայ ազգի զաւակները ամենուրէք՝ կը զօրակցին պահպանել ազգային մեր աւանդութիւններն ու անոնց կիրառումը:
Եկէ՛ք, միասնաբար հաւատանք ու գործենք իրականացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսի 2025 տարուան հռչակած՝ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» լոզունգը:
Իւրաքանչիւրս, իր կարգին՝ հայավարի իր խղճով եւ կարգով:
Պատի՛ւ արժանաւորաց՝ Հայ դպրոց, Հայ եկեղեցի, Հայկական միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Ի վերջոյ, ազգային արդար պարտքն ու պատիւը մեր ուսերուն վրայ է, իսկ յաղթանակը՝ համազգային..: