
Հինգ տարիներէ ի վեր, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար կ՛իրականանան այցելութիւններ Վատիկան՝ անոր ծրագիրներուն ծանօթանալու եւ պապին հետ հանդիպելու համար։
Արամ Ա. վեհափառին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, յիշեալ ծրագիրին կը մասնակցին երիտասարդ հոգեւորականներ։ Այս տարի, սոյն ծրագիրը տեղի կ՛ունենայ 29 Յունուարէն 9 Փետրուարի միջեւ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի դասաւորումով, թեմէն այս համագումարին կը մասնակցի Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ. Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։
Երիտասարդ հոգեւորականները այս առիթով պիտի այցելեն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի՝ Վատիկանի եկեղեցական եւ պետական տարբեր բաժանմունքները եւ կեդրոնները, հանդիպումներ պիտի ունենան պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, մօտէն պիտի ծանօթանան եկեղեցւոյ ծրագիրներուն, մարտահրաւէրներուն եւ աշխատանքներուն։
Ծանօթացման այս ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ այցելութիւններ Վատիկանի գրադարանը եւ թանգարանը, վանքեր, համալսարաններ եւ մատենադարաններ, պատմական վայրեր, եկեղեցիներ ու սրբատեղիներ, որոնց մասին եւս այցելուները պիտի քաղեն ընդարձակ տեղեկութիւններ, այցելութիւններուն ընթացքին գործադրուած մասնագիտական ձեռնարկներու եւ դասախօսութիւններու ընդմէջէն, որոնք առաւելաբար նուիրուած պիտի ըլլան նշեալ հաստատութիւններուն հիմնադրութեան, պատմական հոլովոյթին, գործունէութիւններուն ու մանաւանդ՝ տեղւոյն եւ այցելու քրիստոնեայ հոգեւորականներու ծառայական զանազան աշխարհներէ քաղուած փորձառութիւններու փոխանակման խիստ օգտաշատ առաքելութեան:
Ի խնդութիւն այցելու հոգեւորականներու, անոնք նաեւ առիթը պիտի ունենան տեսակցելու համայն աշխարհի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ֆրանսիս պապին հետ, ապա Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ ներկայ պիտի ըլլան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Ս. պատարագին: