
ԼԻԶԱ ՃԻԿԷՐԵԱՆ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Թատերական միաւորին կազմակերպած Ռեճինըլտ Ռոզի «12 Զայրացած Մարդիկ» թատրերգութեան ներկայացումները արժանի են գաղութիս քաջալերանքին։ Գոհունակ պիտի ըլլաք, երբ 2 ժամուան տեւողութեամբ լսէք դերասաններուն՝ մեր մաքրամաքուր արեւմտահայերէնով եւ գեղեցիկ առոգանութեամբ արտասանած խօսքերը։
Տաղանդաւոր Խաչերեան ընտանիքի անդամներուն բեմին վրան տեսնելը անշուշտ պիտի փոխադրէ ձեզ (ինչպէս զիս փոխադրեց), Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը։ Հոն է որ մանկութենէս մինչեւ երիտասարդութիւնս ներկայ գտնուած եմ թատերախաղերու եւ վայելած եմ այժմ բեմի վրայ փայլող Խաչերեաններուն հօր եւ մեծ հօր՝ Ժիրայր Խաչերեանի արհեստավարժի մը մակարդակով ներկայացուցած դերերը։
Գնահատելի է Ցոլակ Խաչերեանի բեմադրութիւնը եւ պոռթկուն խաղարկութիւնը։ Ինչպէս նաեւ գնահատելի է Թալին Աշըքեան, որ առաջին անգամ բեմ բարձրանալով՝ յաջողութեամբ կատարեց իր դերը։ Մեր տաղանդաշատ Մարալ Հէւոյեան ինքզինք փաստած է՝ իբրեւ դերասանուհի եւ արհեստավարժ կոչումին արժանի է, կարծեմ։ Նաեւ, երիտասարդ նոր դէմքերու ներկայութիւնը նոր յոյսով եւ լաւատեսութեամբ կը պատէ մեր սիրտերը եւ հոգիները։

Վարձքը կատա՛ր բոլոր կամաւոր համազգայնական ընկեր-ընկերուհիներուն, մասնաւորաբար Շուշիկ Արսլանեանին՝ անոր անխոնջ նուիրուածութեան համար։
Անպայման քաջալերեցէք այս հազուագիւտ միջոցառումը։ Ապահովեցէք ձեր տոմսերը։
Յաջորդ ներկայացումները տեղի պիտի ունենան Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, 7էն 9 Փետրուարին, ժամը 7:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի թատերասրահին մէջ (1601 E. Mountain St., Glendale CA 91206): Տոմսերու համար դիմել Շուշիկին` (714) 403-0875 թիւով, կամ այցելել կայքէջը։