Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ՝ Բաղունց Գագիկ, Գրիգորեան Արամ, Գալստեան Դաւիթ, Մոսիյեան Արթուր, Մելքումեան Դաւիթ, Դանիէլեան Աշոտ, Գրիգորեան Նելլի, Թովմասեան Արթուր, Աւանեսեան Էլէոնորա, Աւագեան Արեգ, Բաղրեան Իլիչ, Աղաբեկեան Էդուարդ, Կասեան Վլադիմիր, Աթայեան Կարինէ, Յակոբեան Արմէն, Յարութիւնեան Վիգէն, Յարութիւնեան Արամ, Ղալայեան Լեռնիկ, Յակոբեան Մետաքսէ, Ստեփանեան Գեղամ, Բալայեան Վահրամ, Սարգսեան Գոհար, Յովհաննիսեան Կարէն եւ Սարգսեան Դաւիթ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի վերջին յայտարարութեան գծով հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ներքոգրեալ պատգամաւորները դատապարտում են ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի արտայայտութիւններն Արցախի ժողովրդի նուաստացման փորձերի վերաբերեալ: ՀՀ ԱԺ նախագահի նման մօտեցումն ու մտածելակերպը բացայայտում են ՀՀ իշխանութիւնների միտումը հայ ժողովրդի զանազան հատուածների մէջ պառակտում սերմանելու հարցում: Արցախի համար ազգային-ազատագրական պայքարը, անկախ հանրապետութեան կայացումը, արեան ու քրտինքի գնով մինչեւ վերջին շունչը պայքարի արդիւնքն է: Այդ փաստի ուրացումն ազգադաւ կեցուածք է եւ թշնամու քարոզչութեան արդիւնք: Նման արտայայտութիւնները ոչ այլ ինչ են, քան սրբապղծութիւն հայրենիքի համար նահատակուած հայորդիների հանդէպ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.