ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանը 2007ին ստացած է 3697 դիմում-բողոք, որոնցմէ 1101ը՝ գրաւոր:
Նշուած ժամանակաշրջանին դիմում-բողոքներով պաշտպանին դիմած է 5764 անձ: Դիմումներու ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան արդիւնքով քննարկման ընդունուած են 397, փոխանցուած է այլ մարմիններու 69, մերժուած են 420 դիմում-բողոքներ: Դիմողին ներկայացուած են իր իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան հնարաւորութիւնները՝ 143 պարագային:
Նոյն ժամանակահատուածին դրական լուծում ստացած է 96 դիմում-բողոք, ինչի արդիւնքով վերականգնուած են 530 անձերու խախտուած իրաւունքները:
Ամենաշատ թիւով դիմումներ յղուած են դատարաններու (149), ոստիկանութեան (147), դատախազութեան (111) եւ Երեւանի քաղաքապետարանին (96) դէմ:
Դիմումներէն 725ը Երեւանէն է, 75ը՝ Լոռիէն, 59ը՝ Կոտայքէն, 48ը՝ Շիրակէն, 41ը՝ Արարատէն եւ այլն: