
Ուրբաթ, 31 Յունուարի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց բարեկամական այցելութիւնը Արցախի առաջին պատերազմէն մինչեւ մեր օրերը հայկական արծուեբոյնի պատմագրութեամբ զբաղող պուլկարացի վաւերագրող եւ ֆիլմ արտադրող լրագրողուհի Ցվետանա Փասքալեւայի, որուն կ՛ընկերակցէր Սամուէլ Ամիրաղեան:
Սրբազան հայրը Փասքալեւայի հետ բարեկամական ծանօթութիւն մշակած է Լիբանանի առաջնորդութեան տարիներուն, երբ ան հայաշատ գաղութներ կը շրջագայէր եւ հրապարակային դիտումի կ՛արժանացնէր Արցախի պահանջատիրութեան նուիրուած իր վաւերագրական ժապաւէնը: Օրին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր կարգին պուլկարացի լրագրողուհին հրաւիրած է Լիբանան, կազմակերպած է հրապարակային դիտում, ապա զայն պարգեւատրած «Խրիմեան Հայրիկ» շքանշանով:
Իբրեւ հին բարեկամներ՝ առաջնորդը եւ Փասքալեւա Ազգային առաջնորդարանին մէջ ունեցան մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին Գեղամ արքեպիսկոպոսը գնահատեց Փասքալեւայի առաւել քան 30ամեայ գործունէութիւնը յանուն Ղարաբաղեան հարցի բարձրաձայնման եւ արցախահայութեան իրավիճակի բացայայտման՝ անցեալ դարու վերջին տասնամեակին բռնկած արցախեան պայքարի օրերէն եւ մինչեւ այսօր:
Ժողովուրդներու արդար պայքարին նուիրեալ պուլկարացի լրագորղուհին իր ուրախութիւնը յայտնեց առաջնորդին հետ դարձեալ հանդիպելուն համար, ապա շնորհաւորեց անոր՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին առաջնորդ ընտրութիւնը: Սրբազան հայրը հայասէր Փասքալեւայի Լոս Անճելըսի շրջան այցելութիւնը յարմար առիթ նկատեց, որ ան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին դասաւորումով, նաեւ այցելէ Ազգային վարժարաններ եւ Արցախի ու արցախահայութեան մասին զրոյց ունենայ աշակերտական խումբերու հետ, իր անհատական վկայութիւնները եւ մասնագէտ վաւերագրողի փորձառութիւնը բաժնելու համար աշակերտներուն հետ:
Այնուհետեւ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը օրհնեց հայանպաստ գործունէութիւն վարող Փասքալեւան, գնահատեց անոր բեղուն արտադրութիւնը եւ նոր նուաճումներ մաղթեց՝ հայ Արցախի դատին նուիրուած անոր շնորհալի գրիչին եւ ֆիլմարուեստին: