
Հինգշաբթի, Փետրուար 13ի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիները նշեցին քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը, եւ հակառակ տեղատարափ անձրեւին եւ աննպաստ կլիմային, հաւատացեալ ծնողներ իրենց մանկատի զաւակները առաջնորդեցին եկեղեցի եւ զանոնք ընծայեցին Աստուծոյ տաճարին, ի հետեւումն աստուածաշնչեան այն դրուագին, ուր Սիմէոն Ծերունին քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսը Մարիամէն իր գիրկը առաւ՝ Աստուծմէ խնդրելով, որ վերջ տայ իր ծերունազարդ կեանքին, որովհետեւ, Ս. Հոգիին կողմէ խոստացուածին պէս ան Աստուծոյ որդին, այսինքն՝ կեանքի լոյս Քրիստոսը տեսած եւ գրկած ըլլալով, պատրաստ էր խաղաղութեամբ հեռանալու այս կեանքէն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Տեառնընդառաջի տօնը նշեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեան:
Առաջնորդը աստուածաշնչեան նշեալ դրուագը դարձուց իր պատգամին միտք բանին` ըսելով, որ Աւետարանը Յիսուսի Քրիստոսի կենսագրութիւնը չէ, այլ՝ աւետարանիչները արձանագրեցին Յիսուսի երկրաւոր կեանքի այն դրուագները, ուր Յիսուս իր քարոզած արժէքներուն մասին թելադրութիւններ կ՛ընէ մարդոց, որպէսզի ապրին Աստուածորդիին ցուցմունքներուն համաձայն:


Նշելով կարեւորութիւնը Քրիստոսի տաճար ընծայման դրուագին, սրբազանը խօսեցաւ Հին Ուխտին այն սովորութեան մասին, ըստ որուն, իւրաքանչիւր անդրանիկ զաւակ Տիրոջ կը պատկանէր, հետեւաբար, պէտք էր այդ զաւակը ընծայուէր Աստուծոյ տաճարին: Բայց, որպէսզի իրենց զաւակը ետ տուն բերէին, ծնողներ պէտք էր իրենց անդրանիկին փոխարէն ընծայ մը նուիրէին, կամ կենդանի մը ընծայաբերէին տաճարին: Այս աւանդութիւնը իբրեւ բարոյական դաս արժեւորելով՝ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ մարդիկ պէտք է գիտակցին Աստուծոյ կողմէ իրենց իբրեւ պարգեւ տրուած զաւակներուն արժէքին՝ դիտել տալով, որ Սիմէոն Իմաստուն անմիջապէս որբ գրկեց Մանուկ Յիսուսը՝ գիտակցեցաւ եւ վկայեց Աստուծոյ կողմէ աշխարհին տրուած Փրկիչի՛ խոստումին մասին:
Անդրադառնալով տօնին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը նշեց, որ Տեառնընդառաջը ծնողական դաստիարակութեան տօն է, որպէսզի անոնք պարտաճանաչօրէն կատարեն իրենց պարտականութիւնը իրենց զաւակներուն նկատմամբ, ապա, նշելէ ետք, որ տօնը հարուստ է նաեւ աւանդական սովորութիւններով՝ աւելցուց, որ Տեառնընդառաջի տօնը կապ չունի խարոյկին եւ խարուկահանդէսին հետ, այլ՝ Քրիստոսի լոյսն է, որ կը մատնանշէ՝ ըսելով, որ «խարոյկը պարզապէս հազարամեայ արմատ ունեցող հայկական սովորութիւն է, մեզ կը յիշեցնէ նախաքրիստոնէական հայ կեանքը, եւ մեզ մեր արմատներուն կը կապէ», եւ առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ բառերով. «Ան որ Քրիստոսի լոյսը կը ճանչնայ, ինքզինք կառչած չի պահեր նիւթական խարոյկին ու կրակի գոյութեան»:


Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերու ճամբով, ծնողներ իրենց զաւակները ընծայաբերեցին Աստուծոյ տաճարին:
Յընթացս արարողութեան, առաջնորդը անդրադարձաւ ՀՄԸՄի խմբապետական կազմերու ներկայութեան եւ ըսաւ, որ ՀՄԸՄը ըլլալով մարմնակրթական միութիւն, է՛ նաեւ մարդակրթական միութիւն, որուն դրօշին տակ կը դաստիարակուին հայ երիտասարդ սերունդներ:
Յիշատակի նկարներ առնելէ ետք, սկաուտական խումբերը եւ պատասխանատու կազմը, գլխաւորութեամբ առաջնորդին, մասնակցեցան եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կողմէ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին: Այս առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղամ արքեպիսկոպոսին՝ ՀՄԸՄի նկատմամբ ցուցաբերած հոգածութեան համար, ապա զայն պատուեց ՀՄԸՄի խորհրդանիշ վահանի կրծքազարդով:
Աւարտին, ի պատիւ առաջնորդին, սկաուտական շքերթը երգեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան «Ով հայ արի» քայլերգը: