ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Սուրիոյ Իշխանափոխութեան յաջորդած յարաբերական հանդարտութենէն ետք, անցումային ներկայ շրջանին օրակարգի վրայ են արիւնալի դէպքերը։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ, Երկուշաբթի, 10 Մարտին, անկիւնադարձային իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Երբ վերջին օրերուն, երկրին ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ալաուիները թիրախ կը դառնային՝ Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ քիւրտերու ղեկավարած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ։ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա յիշեալ փաստաթուղթը ստորագրեց Մազլում Ապտիի հետ, որուն գլխաւորած Սուրիոյ ժողովրդավարակ ուժերը Անգարայի կողմէ կասկածով կը դիտուին։
Միջազգային աղբիւրներ կը նշեն, որ քաղաքականութեան, զէնքի եւ վառելանիւթի եռեակին վրայ խարսխուած համաձայնութիւն մըն է կնքուածը։
Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ որ Դամասկոսի անցումային շրջանի իշխանութեան վրայ լուրջ ազդեցութիւն ունի ։ Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ դաւանանքներու միջեւ բախում կը հրահրուի։
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ այս հարցով Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ շփումներ տեղի ունեցած են։