Լաթաքիոյ մէջ «Գանձասար»ի թղթակիցը յայտնեց, որ քաղաքին կեդրոնական մասը համեմատաբար կայուն է, բախումներ չկան, սակայն, բնակչութիւնը բնակարաններէն դուրս չի գար, իսկ հեռուէն մերթ ընդ մերթ կրակոցներու ձայներ կը լսուին։
Կացութիւնը, ընդհանուր առմամբ, տակաւին մտահոգիչ է։ Անցնող օրերու արիւնալի դէպքերը եւ խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնները վախի ու անապահովութեան մթնոլորտ մը ստեղծած են։
Ապահովական ուժեր տարածուած են քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ. անոնք կը խուզարկեն անցնող ինքնաշարժները եւ անցորդները։
Դպրոցները ցարդ կը մնան փակ։ Բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուարութիւններ, որովհետեւ գործատեղիները չեն բանիր։ Ջուրի տագնապը կը շարունակուի. քաղաքին մէջ ջուրի բաշխման աշխատանքներ կը տարուին։