
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեան մը միջոցով լուսարձակի տակ առաւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող Արցախի ղեկավարներուն շինծու դատավարութիւնները՝ շեշտելով, թէ հայ գերիները անօրէն կերպով կը պահուին Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ։
Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, թէ շինծու դատավարութիւնները ուղղակի յարձակում մըն են Արցախի հայութեան ինքնորոշման տարրական իրաւունքին եւ կը դատապարտէ հայ պատանդները խոշտանգելու եւ չարչարելու արարքները։
Նաեւ, Հայ Դատը կը քննադատէ միջազգային համայնին որդեգրած կրաւորական կեցուածքը, որ անփոփոխ կը մնայ նոյնիսկ Միջազգային Կարմիր Խաչը երկրէն արտաքսելու՝ Պաքուի դատապարտելի որոշումէն ետք։
Աւարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ միջազգային համայնքին, որ դադրեցնէ լուռ մնալու իր քաղաքականութիւնը եւ յատկանշական քայլերու դիմէ 23 հայ պատանդներուն անյապաղ ազատ արձակումը երախտաւորելու համար։